ԻՊ-ն Ստանձնած Է Փարիզի Ահաբեկչութիւններուն Պատասխանատուութիւնը

Erdogan Should be Tried by International Criminal Court for Supporting Terrorism

14 նոյեմբեր 2015

«Իսլամական պետութիւն» (ISIS) խմբաւորումը ստանձնած է Փարիզի մէջ իրականացուած ահաբեկչական յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը: Տարածած յայտարարութեան մէջ ահաբեկիչները կը նշեն, որ յարձակումները իրականացուցած են «ութ եղբայրներ»: Անոնք պայթուցիկ գօտիներ կրած են ու զինուած եղած են ինքնաձիքներով:

Ինչպէս կը հաղորդէ Associated Press գործակալութիւնը, խմբաւորումը այդ մասին յայտարարութիւն տարածած է Նոյեմբեր 14-ին արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով, որ խմբաւորման հետեւորդներու կողմէ լայնօրէն կը շրջանառուի համացանցի մէջ, սակայն դեռ հնարաւոր չէ եղած ստուգել յայտարարութեան իսկութիւնը, սակայն անիկա կը կրէ ԻՊ-ի լոկոն եւ նման է նախապէս «Իսլամական պետութեան» ըրած յայտարարութիւններուն:

Իսլամականենրը նաեւ յայտարարած են, որ յարձակումները «մարգարէին վիրաւորելու եւ իսլամական պետութեան տարածքը ռմբահարելու պատասխանն է»:

Աւելի առաջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ ահաբեկչական յարձակման համար մեղադրած էր նոյն «Իսլամական պետութիւն«-ը եւ նշած, որ անգութ պիտի ըլլան անոնց նկատմամբ:

ԵՌԱԳՈՅՆ

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail