Սուրիական Բանակը Իտլիպի Մէջ Զինեալներուն Մօտ Ամերիկեան Հրթիռներ Եւ ՕԹԱՆ-ի Զէնքեր Գտած Է
27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիական բանակի բանբերը երէկ յայտարարեց, թէ Իտլիպի մէջ զինեալներուն մօտ գտնուած են ամերիկեան հրթիռներ եւ ՕԹԱՆ-ի զէնքեր:
Ան յայտնեց, որ այդ զէնքերը գտնուած են լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ գտնուող քարայրի մը մէջ, որ մաս կը կազմէր Լաթմանէ շրջանին մէջ ստորերկրեայ մեծ ցանցի մը:
Բանբերը նշեց, որ նշեալ քարայրը 5 հազար զինեալներու զօրանոց մըն էր եւ փորուած էր 4 տարի առաջ` օտարերկրեայ սարքերու միջոցով:
Քարայրին մէջ յայտնաբերուած է նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան գործարան մը:
aztagdaily.com/archives/459531