«Միացեալ Նահանգներ Իրանի Հետ Լարուածութեան Խաղաղ Լուծում Մը Կ՛ուզեն, Սակայն…» Կ՛ըսէ Փոմփէօ
27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ լարուածութեան խաղաղ լուծում մը կ՛ուզեն, սակայն գնդակը Թեհրանի դաշտն է»:
«Կը յուսանք, որ կը կարենանք ատոր հասնիլ: Վերջապէս իրանցիներուն պիտի մնայ այդ որոշումը տալ: Կը յուսանք նաեւ, որ անոնց հետ բանակցութեան առիթ կը գտնենք եւ իրենց ու Միացեալ Նահանգներուն համար լաւ արդիւնքի կը հասնինք», նշեց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը նոր պատժամիջոցներ հաստատած է չինական ընկերութիւններու դէմ` Իրանի հետ գործակցելնուն համար:
«Պատժամիջոցներ կը հաստատենք կարգ մը չինական ընկերութիւններու դէմ` հակառակ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն դիտաւորեալ կերպով Իրանի հետ քարիւղի փոխադրութեան մեծ գործարքներ կատարելնուն համար», ըսաւ ան:
aztagdaily.com/archives/459530