Ըստ Իրաքցի Երեսփոխանի Մը. Իրաք Մերժած Է «Փաթրիոթ» Համակարգեր Գնելու Ամերիկեան Բազմաթիւ Առաջարկներ
27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրաքեան «Սատիքուն» երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատել Ֆաթլաուի յայտնեց. «Իրաք ամերիկեան բազմաթիւ առաջարկներ մերժեց հակաօդային պաշտպանութեան «Փաթրիոթ» համակարգեր գնելու, որովհետեւ այդ համակարգը Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ իր ձախողութիւնը ցոյց տուաւ»:
Ան նշեց, որ Պաղտատ յառաջդիմութիւն արձանագրած է Մոսկուայի հետ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու շուրջ բանակցութիւններուն մէջ:
Երեսփոխան Ֆաթլաուի յայտնեց, որ Իրաքի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ֆալեհ Ֆայատ վերջերս անվտանգութեան ու պաշտպանութեան հարցերով երեսփոխանական յանձնախումբին այցելելով յայտնած է, որ պիտի գլխաւորէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը` վճռելու համար «Էս-400»-ներու գնման շուրջ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները:
Նշենք, որ վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին իրաքեան աշխարհազօրի զինապահեստանոցներուն եւ կեդրոններուն դէմ օդային յարձակումներէն ետք իրաքեան երեսփոխանական պլոքներ ու երեսփոխաններ կոչ ուղղեցին ամրապնդելու եւ զարգացնելու Իրաքի օդային պաշտպանութեան համակարգը, իսկ զինուորական փորձագէտներ մատնանշեցին ներկայ համակարգին թոյլ ըլլալն ու զայն զարգացնելու կարիքը:
aztagdaily.com/archives/459519