Որո՞ւ Շահերուն Կը Ծառայէ Փարիզը Հարուածած Ահաբեկչութիւնը

14 նոյեմբեր 2015

Բոլորը կը դատապարտեն երէկ Փարիզի մէջ եղած ահաբեկչութիւնը: Այս դատապարտումներուն ամէնէն ծանրակշիռը լիբանանցի քաղաքական գործիչ Ուալիտ Ժոմպլաթին ըրած յայտարարութիւնն էր: Տիւրզի ղեկավարը Փարիզի մէջ եղածը որակեց իբրեւ Եւրոպայի 11 Սեպտեմբեր:

Ուշագրաւ է նաեւ, որ եւրոպացի մէկէ աւելի դէտեր յայտնած են, որ երէկ Փարիզը ցնցած եւ իր ծանրութեամբ աննախադէպ ահաբեկչութիւնը սպասելի էր: Խաղաղ թուացող Փարիզ քաղաքի խորքերուն մէջ եռացող լաւա մը կայ:

Այս մէկը գաղտնիք չէ, ու այս մասին խօսուած էր անցնող տարուան Յունուարին «Շարլի Հէպտո» պարբերականին դէմ եղած ահաբեկչութեան օրերուն:

Ֆրանսան այսօր լուրջ տագնապի առջեւ է, ու ամէնէն դժուար հարցն անոր ղեկավարութեան դիմագրաւած մեծ պատասխանատուութիւնն է: Տեղին ու յարմար չէ այս պահուն տարբեր վերագրումներ ընելով մեկնաբանել Ֆրանսան ղեկավարող այս վարչախումբին խոցելի, ոչ հաստատակամ, յաճախ երկդիմի կեցուածքները: Տեղին է սակայն ըսել, որ խօսքի եւ ազատութեան օրրան Փարիզը մտած է վտանգաւոր փուլ մը:

Եթէ նոյնիսկ Սուրիոյ տագնապը մօտալուտ լուծում մը գտնէ (բան մը, որ ներկայիս դժուար թէ իրականութիւն դառնայ) միանգամայն յստակ է, որ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները ազատօրէն կը շրջագային Փարիզի փողոցներուն մէջ: Տակաւին չեմ խօսիր այն հազարաւգոր թունիզցիներուն եւ մարոքցիներուն մասին, որոնք որեւէ պահու Փարիզի գլխուն դժոխքի դռներ բանալու ուժ ունին:

Փարիզ բարդ դրութեան մէջ է եւ այս վիճակներուն դիմաց առաւելաբար, նոր, հաստատակամ եւ ճշմարիտ կեցուածքի մը կարիքը կայ:

Յիշեցման կարգով ըսեմ, որ Իրանի նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանի, որ յառաջիկայ օրերուն Էլիզէյի մէջ հանդիպում պիտի ունենար Ֆրանսուա Հոլլանտին հետ ցնոր տնօրինութիւն յետաձգած է իր այցը:

Ի՞նչ կայ այս այցի խափանման մէջ, եւ որո՞նք են անոնք, որ կ’օգտուին Փարիզ- Թեհրան սպասուած մերձեցումէն: Ահա եւ հարցումը:

Սագօ Արեան

http://www.arevelk.am/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail