Ուքրանիա Արցախ Այցելող Իր Քաղաքացիներուն Կը Սպառնայ Քրէական Պատասխանատուութեամբ

Ուքրանիա Արցախ Այցելող Իր Քաղաքացիներուն Կը Սպառնայ Քրէական Պատասխանատուութեամբ

30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յատուկ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ երկրի քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղէ չայցելելու Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «հետեւողականօրէն խորհուրդ կու տայ Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն Լեռնային Ղարաբաղ, Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա այցելելու որոշում տալու ընթացքին առաջնորդուելու Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի օրէնսդրութեամբ»:

«Այդ օրէնսդրութեան խախտումը պիտի յանգեցնէ վարչական կամ քրէական պատասխանատուութեան», մասնաւորաբար կ՛ըսուի Ուքրանիոյ դիւանագիտական գերատեսչութեան կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

aztagdaily.com/archives/459844

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail