«Հակառակ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն, Պիտի Չդադրինք Իրանեան Քարիւղ Գնելէ» Կը Յայտարարէ Էրտողան

«Հակառակ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն, Պիտի Չդադրինք Իրանեան Քարիւղ Գնելէ» Կը Յայտարարէ Էրտողան

30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նիւ Եորքէն իր վերադարձի ընթացքին օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն յայտարարեց, թէ հակառակ ամերիկեան պատժամիջոցներուն, անկարելի է, որ Թուրքիան դադրի Իրանէն քարիւղ եւ բնական կազ գնելէ:

Ան ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը պիտի շարունակուի:

Էրտողան Միացեալ Նահանգներ իր այցելութիւնը նկատեց «արդիւնաւէտ»:

Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ներկայացուցած է «համաշխարհային անարդարութեան խորհրդանիշներու վերածուած» Պաղեստինի, Միանմարի, Սուրիոյ, տեղահանուածներու եւ գաղթականներու հարցերուն վերաբերեալ իր երկրին կեցուածքը:

Էրտողան նաեւ նշեց, որ իր խօսքին մէջ ընդգծած է իսլամոֆոպիայի եւ մշակութային ցեղապաշտութեան համաշխարհային խաղաղութեան դէմ ներկայացուցած վտանգը:

aztagdaily.com/archives/459693

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail