«Քիմիական Զէնք Օգտագործելուն Համար Սուրիոյ Վարչակարգը Պատժելու Շարք Մը Ընտրանքներ Ունինք» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

«Քիմիական Զէնք Օգտագործելուն Համար Սուրիոյ Վարչակարգը Պատժելու Շարք Մը Ընտրանքներ Ունինք» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը քլորի կազ օգտագործած է` աւելցնելով. «Պաշշար Ասատի վարչակարգը պատժելու համար ունինք շարք մը ընտրանքներ, ներառեալ` զինուորականը»:

Ճեֆրի ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Սուրիոյ մէջ սահմանադրական յանձնախումբի կազմութիւնը, եւ նշեց. «Պէտք է ճնշում բանեցնենք Ռուսիոյ եւ Պաշշար Ասատի վարչակարգին վրայ, որպէսզի սահմանադրական յանձնախումբը լուրջի առնեն»:

«Սահմանադրական յանձնախումբի կազմութեան Ռուսիոյ աջակցութիւնը կրնայ քաղաքական լուծումին դիմաց ճամբայ հարթել», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ յանձնախումբի վերջնական կազմին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ անիկա իր առաջին ժողովը պիտի գումարէ 30 հոկտեմբերին: Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտարարած են, թէ սահմանադրական յանձնախումբը արդարօրէն չէ ձեւաւորուած, որովհետեւ ատոր կազմին մէջ ընդգրկուած չեն իրենց ներկայացուցիչները:

Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչը, սակայն, նշեց. «(Սուրիոյ) հիւսիս-արեւելքը ներկայացուած պիտի ըլլայ: ՄԱԿ-ի կողմէ ընտրուած 50 անդամներու շարքին ընդգրկուած են նաեւ երկրի հիւսիս-արեւելքի ներկայացուցիչները»:

Ան նոյն ատեն յայտարարեց, որ տեսած է յանձնախումբի անդամներու ցանկը, սակայն չի կրնար զայն հաստատել:

«Մենք վստահ ենք, որ ՄԱԿ-ը պիտի կարենայ Սուրիոյ մէջ, Իրաքի մէջ կատարածին նման, ազատ ընտրութիւններ կազմակերպել», շեշտեց Ճեֆրի:

Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ յայտարարեց. «(Սուրիոյ մէջ) Սահմանափակ թիւով ամերիկեան ուժեր պիտի պահենք` երաշխաւորելու համար ՏԱՀԵՇ-ի վերադարձի բացառումը»:

aztagdaily.com/archives/459694

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail