Պէտք Է Կարդալ Սփինոզայի «Աստուածաբանական-Քաղաքական Քննախօսութիւն»-ը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Պէտք Է Կարդալ Սփինոզայի «Աստուածաբանական-Քաղաքական Քննախօսութիւն»-ը

30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

17-րդ դարու փիլիսոփայականութեան, լուսաւորութեան դարաշրջանի սիւններէն ու բանապաշտ դպրոցի գլխաւոր դէմքերէն մէկը կը հանդիսանայ Պարուխ Սփինոզան: Իր «Բարոյագիտութիւն» գիրքէն ետք կը գրէ «Աստուածաբանական-քաղաքական քննախօսութիւն»-ը, որ հրատարակուեցաւ 1670-ին, Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ. սակայն գիրքը արագօրէն մաս կը կազմէ Վատիկանի կողմէ «արգիլուած գիրքերու ցանկ»-ին` «կրօնի նկատմամբ անարգանքի» պատրուակով:

Հիմա ընթերցողը ինքնաբերաբար ուղղակիօրէն հարց պիտի տայ, թէ ինչո՞ւ փիլիսոփայական հրատարակութիւն մը, որ հիմնուած էր բանապաշտութեան վրայ, պիտի արգիլուէր Վատիկանի կողմէ եւ մաս պիտի կազմէր, այսպէս կոչուած, «արգիլուած գիրքերու ցանկ»-ին, ինչո՞ւ իւրաքանչիւր հարցադրում պիտի արգիլուի` «կրօնի նկատմամբ անարգանքի» պատրուակով:

Ամէն ինչէ առաջ նկատի պէտք է ունենալ, որ վերոյիշեալ գիրքը գրուած էր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Եւրոպան կամ արեւմտեան աշխարհը տակաւին կ՛ապրէր կղերական, աստուածապետական եւ աւատական կարգերու տակ, որոնք արգիլած էին որեւէ տեսակի տարակարծիք միտք, նորարականութեան փորձ եւ կը ձգտէին լռեցնել իւրաքանչիւր լայնախոհ մօտեցում:

Աւելի ըմբռնելու համար բանական հարցադրումներու հիման վրայ գրուած «Աստուածաբանական-քաղաքական քննախօսութեան»` «արգիլուած գիրքերու ցանկ»-ին մէջ ներառուելուն պատճառը, պէտք է կարդալ Սփինոզայի բանական հարցադրումները:

Ծնած ըլլալով փորթուգալցի հրեայ ծնողքէ, ան ընտանեօք գաղթեց Փորթուգալէն` փախուստ տալու համար առօրեայ խտրականութենէն եւ զանգուածային ջարդերէ, որոնք կը գործադրուէին կրօնամոլ մոլեռանդներու կողմէ: Անոնք ապաստան կը գտնեն Հոլանտայի մէջ, որ այդ թուականներուն կը յատկանշուէր լայնամտութեամբ եւ կրօնական ազատութեանց յարգումով` հակառակ Եւրոպայի ընդհանրապէս կրօնական պատերազմներով լի մթնոլորտին: Սփինոզան լաւապէս կ՛ըմբռնէ մոլեռանդութեան եւ ոչ բանապաշտութեան վրայ հիմնուած առասպելաբանութիւնները եւ սնահաւատութեան վրայ հաստատուած տգիտութիւնները, որոնց լաւապէս կ՛անդրադառնայ իր աշխատութիւններուն մէջ:

Սատար կանգնելով կրօնական ազատութիւններուն, պետութեան քաղաքացիական ուղղուածութեան եւ աշխարհիկանացման անդրանիկ քարոզիչներէն ըլլալով` Սփինոզան կը բանադրուի հրէական կրօնին կողմէ:

«Աստուածաբանական-քաղաքական քննախօսութիւն» գիրքը կը բաղկանայ 20 գլուխներէ, որոնք կ՛ընդգրկեն մարգարէութիւններու, հրաշքներու, կրօնական օրէնքներու, աստուածաբանութեան ու աստուածապետութեան վերաբերող բանական հարցադրումներ:

Կ՛արժէ գիրքին ներքեւ ընդգրկուած նիւթերը կապել մեր ժամանակակից առօրեայ կեանքին հետ եւ կեդրոնանալ այդ կէտերուն վրայ, որոնք մաս կը կազմեն մեր այսօրուան մարտահրաւէրներուն:

Ա.- Աստուածային օրէնք. Մեր շրջանին (այսինքն` Միջին Արեւելքի) մէջ տիրական երեւոյթ մըն է, որ պետութիւններու սահմանադրական եւ քաղաքացիական օրէնքները ներշնչուած են կրօնական սկզբունքներով, ինչպէս` քրիստոնէական եկեղեցական իրաւագիտութեամբ, իսլամական շերիաթով եւ հրէական հալախայով: Մեր շրջանին մէջ դժբախտաբար առկայ է կրօնամոլական մոլուցքը` ներկայանալով կրօնամէտ կուսակցութիւններու ընդմէջէն կամ ահաբեկչակամ խմբաւորումներով, որոնք առիթը չեն խնայեր հնացած ու մաշած օրէնքները բռնի ուժով կիրարկելու (առաջիններուն պարագային խաղաղ միջոցներով, իսկ երկրորդին պարագային զինեալ) հանրութեան մէջ` առանց հաշուի առնելու արդի ժամանակներու ոգին եւ բանականութեան նուազեցումով: Նմանօրինակ օրէնքներ միջնադարուն պետականացուած էին Եւրոպայի կամ արեւմտեան աշխարհին մէջ, մինչեւ որ բռնկեցաւ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը, որուն յեղափոխաշունչ ու ազատատենչ հովը արեւմտեան աշխարհը ազատագրեց յետամնաց օրէնքներէն ու աշխարհիկութեան մտածողութեան ենթարկեց պետութեան օրէնսդիր կառուցուածքը: Քանի որ անոնք օրէնքները կը կիրարկեն Աստուծոյ անունով` իբր թէ պատժելու համար այն անձերը, որոնք կը հեռանան Աստուծոյ հրահանգներէն (ըստ մոլեռանդներուն), հետեւաբար պէտք է յիշել Սփինոզայի հետեւեալ խօսքը. «Ուստի, երբ Աստուծոյ նկատմամբ սէրը մարդուն բարձրագոյն ուրախութիւնն ու երջանկութիւնն է եւ մարդուն գործերուն վերջին նպատակը, հետեւաբար Աստուծոյ օրէնքը պատճառ կը դառնայ սիրելու զԱստուած` առանց վախնալու անոր պատիժէն կամ առանց ուրիշ սէրի մը, ինչպէս` հաճոյքի կամ համբաւի, այլեւ` միայն ճանչնալու զԱստուած, գիտակցելով, որ զԱստուած ճանչնալը եւ սիրելը ամենաբարձր բարիքն է»: Ուրեմն, այստեղ վերջին խօսքէն կ՛եզրակացնենք, որ`

1.- Աստուծոյ անունով պատժողական սահմանադրական օրէնքները ապարդիւն են. անոնք չեն համընկնիր բանականութեան հիմքերուն ու կը միտին իրաւազրկել մարդիկը` օգտագործելով Աստուծոյ անունը:

2.- Մարդիկ պէտք է նախ հասկնան Աստուծոյ մտապատկերը` բնապաշտութեամբ եւ բանապաշտութեամբ` հեռու մնալով վարդապետութենէն:

Սփինոզա կ՛ըսէ. «Որովհետեւ մարդը մաս կը կազմէ բնութեան, հետեւաբար մարդու յառաջընթացը մաս կը կազմէ բնութեան լիազօրութիւններու իրականացումին: Ուրեմն, ինչ որ կ՛ենթարկուի մարդկային բնութեան` մարդկութեան միտքի կատարումն է: Ուրեմն կրնանք ըսել, որ յիշեալ կանոններու գործադրումը կը բխի մարդկային որոշումներէ, որովհետեւ անոնք մէջտեղ կու գան մարդկութեան միտքի ուժէն»: Այս պարբերութենէն կը հասկնանք, որ պետութիւններու սահմանադրական օրէնքները պէտք է բխին մարդկութեան բանականութենէն, այլ ոչ թէ պատմութենէն եկած աւանդութիւններն ու անտրամաբանական առասպելները կիրարկուին բռնի ուժով, այսինքն սահմանադրական կարգերը պէտք է հիմնուին քաղաքացիական օրէնքներու վրայ եւ ոչ թէ կրօնական` յարգելու համար պետութեան անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքները:

Բ.- Պետութեան հիմքերը, անհատի բնական ու քաղաքացիական իրաւունքները եւ գերագոյն ուժի իրաւունքը: Շնորհիւ Ֆրանսական յեղափոխութեան` կազմուեցաւ այսօրուան արդի աշխարհիկ ազգային պետութեան հիմքը, սակայն աշխարհիկ այդ պետութեան տեսաբանական հիմքերը կը գտնուին լուսաւորութեան դարաշրջանի մտաւորականներուն, մանաւանդ Սփինոզայի աշխատութիւններուն մէջ: Ֆրանսական յեղափոխութիւնը դարձաւ այն գագաթնակէտային իրադարձութիւնը, որ պայթեցաւ իբրեւ հրաբուխ` վեր բարձրացնելով բանական մտածողութեամբ դրոշմուած ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան կարգախօսները` ընդդէմ մութ ու յետամնաց վարդապետութեամբ զինուած յետադիմական մոլեռանդութեան: Ինչպէս վերը ըսինք, Սփինոզան դարաշրջանի գլխաւոր դէմքերէն մէկն էր, հետեւաբար իր գաղափարները կարեւորագոյն դերակատարութիւն ունեցած են արդի աշխարհիկ պետութեան ձեւաւորման հոլովոյթին մէջ:

«Բնական իրաւունքով ու կազմութեամբ կը հաստատեմ իւրաքանչիւր անհատի բնական դերակատարութիւնները, դերակատարութիւններ, որոնք, կը կարծենք, կը կառավարեն ամէն բանի գոյութիւնն ու ընթացքը: Օրինակի համար, բնութեան հետեւանք է, որ ձուկը կը լողայ, մեծ ձուկը` պզտիկ ձուկը կ՛ուտէ. ուրեմն, ձուկը գերագոյն բնական իրաւունքը ունի լողալու, իսկ մեծ ձուկն ալ գերագոյն բնական իրաւունքը ունի ուտելու պզտիկ ձուկը», կ՛ըսէ Սփինոզա ու կը շարունակէ բնական իրաւունքի մասին խօսիլ, մինչեւ որ հասնի այն եզրակացութեան, թէ` «Բոլոր անոնք, որոնք կը գործեն համապատասխան բնական օրէնքին, անոնք կը գործեն գերագոյն իրաւունքով, որովհետեւ անոնց գործը ի բնութենէ է եւ չեն կրնար ատկէ զատ ուրիշ գործ տանիլ»: Այսպիսով, կը հասկնանք, որ մարդ էակը ի ծնէ ունի բնական ուժ եւ իրաւունք. բնական ուժն ու իրաւունքը, ըստ Սփինոզայի, առանց խտրութեան կը պատկանի մարդոց եւ բոլոր անասուններուն, բանապաշտներուն եւ անտրամաբանականներուն, միամիտներունեւ խելահասներուն: Կը հասկնանք այս կէտէն, որ օրէնքները պէտք է որ հիմնուին բնութեան իրաւունքին վրայ` առանց որեւէ խտրականութեան` ոեւէ մարդ էակի միջեւ:

Գ.- Գերագոյն քաղաքացիական իշխանութիւնը կը գերիշխէ բոլոր սրբազան հարցերուն: Արեւմտեան աշխարհը ընդհանրապէս (մասնաւորաբար` Եւրոպան) միջնադարեան ժամանակաշրջանին (մինչեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը) կ՛ապրէր կրօնական-դաւանական արիւնալի պատերազմներու թոհուբոհին մէջ. պատերազմներ, որոնց զոհ գացին միլիոնաւոր մարդիկ: Այր թէ կին, ծեր թէ երեխայ սուրի մատնուեցան` իրենց կրօնական պատկանելիութեան պատճառով: Պատկանելիութիւն մը, որ նոյնիսկ իրենք չէին ընտրած,այլ ժառանգած էին իրենց ծնողներէն: Եւրոպական բոլոր պետութիւններուն իշխանութիւնները այդ ժամանակաշրջանին կը գտնուէին կրօնական հաստատութիւններու ուղղակի ազդեցութեան տակ: Ազդեցութիւն մը, որ բնակչութեան կողմէ բացասականօրէն սկսաւ դիտուիլ ոչ միայն հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին կրօնական-դաւանական պատճառներով տեղի ունեցած արիւնահեղութեան իբրեւ հետեւանք,այլ նաեւ աւատապետական համակարգին մէջ կրօնական հաստատութիւններուն ընդգրկումին պատճառով` դառնալով իշխանութեան կարեւոր սիւներէն մէկը` իշխող արքունի ընտանիքին կողքին:

Վերլուծելով կրօնական-դաւանական հաստատութիւններուն միջամտութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ եւ այդ միջամտութեան բացասական երեւոյթները, մանաւանդ` կրօնական պատերազմներու ընթացքին կատարուած ջարդերը, Սփինոզա կը գրէ. «Աստուծոյ նկատմամբ խոր հաւատամքը միայն անհատին կը վերաբերի, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի պարտադրելու զայն ուրիշ անհատի»: Այսինքն Սփինոզա յստակօրէն հանդէս կու գայ ընդդէմ կրօնական պատերազմներուն, աստուածապետութեան եւ կրօնի ուղղակի միջամտութեան` պետական հարցերուն մէջ: Ան կ՛աւելցնէ. «Կրօնական պաշտամունքներն  ու աստուածավախութեան գործնականացումը պէտք է համապատասխանեն պետութեան խաղաղութեան ու բարօրութեան»: Այստեղ Սփինոզա ի յայտ կու գայ ընդդէմ մոլեռանդութեան եւ յանուն ընկերային համերաշխութեան:

Կրնանք եզրակացնել, որ քաղաքացիական իշխանութիւններուն պարտականութիւնը, ըստ Սփինոզայի, պէտք է ըլլայ.

1- Խղճի ազատութեան ապահովում` բոլոր կրօնական-դաւանական խմբաւորումներու հաւատացեալներուն,

2- Կրօնական-դաւանական հաւատամքի հիման վրայ բոլոր տեսակի խտրականութեանց մերժում,

Դ.- Ազատ պետութեան մէջ իւրաքանչիւրին արտօնուած է մտածել ինչպէ՛ս որ կը հաւնի եւ ըսելու` ի՛նչ որ կը մտածէ. Յետյեղափոխութեան Ֆրանսան ու Եւրոպան խորտակեցին դարերու ընթացքին կազմուած յետամնաց, աւատապետական ու մենատիրական դրութիւնը, եւ անոր փոխարէն` ազատութեան ալիքը բանապաշտ ու քննական մտածում, քննական միտք ու գիտական հետազօտասիրութիւն բերաւ արեւմտեան աշխարհին:

Վերջին երեք կէտերը (բանապաշտ ու քննական մտածում, քննական միտք ու գիտական հետազօտասիրութիւն) կազմեցին արդի պետութիւններու գլխաւոր հիմնասիւները: Նորակերտ ազատ հանրապետութիւնները իրենց նշանաբանները դարձուցին ազատութիւնը, արդարութիւնը եւ եղբայրութիւնը` կղերապետական եւ աստուածապետական նշանաբաններուն փոխարէն:

«Մարդուն միտքը,– կ՛ըսէ Սփինոզա` շարունակելով իր մտածումները,- չի կրնար այլ անձի մը իշխանութեան ենթարկուիլ: Ոչ ոք կրնայ փոխանցել այլ անձի մը իր բնական ազատ բանականութեան իրաւունքը եւ կազմել իր անձնական կարծիքը: Հետեւաբար իշխանութիւնը մտքին հաշուոյն կը նշանակէ ճնշում: Ահա թէ ինչո՛ւ միտքին վրայ բանեցուած տիրապետութիւնը կը նկատուի ճնշիչ, եւ ահա թէ ինչո՛ւ գերագոյն իշխանութիւնը կարծես թէ սխալ կը հանէ իր ենթակաները եւ կը բռնանայ անոնց իրաւունքներուն վրայ, երբ ան կը փորձէ իւրաքանչիւր անձի համար նախասահմանել, թէ ի՛նչ բան պէտք է ընդունի իբրեւ ճշմարիտ եւ ի՛նչ բան մերժէ իբրեւ կեղծ, եւ թէ` ան ի՛նչ պատճառներ պէտք է ունենայ Աստուծոյ նկատմամբ իր նուիրուածութեան համար»: Նշեալ տողերուն մէջ Սփինոզա կը խօսի պետութեան բնական պարտականութեան մասին` միտքի եւ արտայայտութեան ազատութիւններու ապահովումին իմաստով:

Այսօր մենք կը յիշենք ազատութեան ու բանականութեան խորանին ծառայած բոլոր փիլիսոփաները, որոնց աշխատութիւնները «կրօնի նկատմամբ անարգանքի» պիտակին տակ «արգիլուած գիրքերու ցանկ»-ին մէջ ներառուեցան: Պարուխ Սփինոզա իր «Աստուածաբանական-քաղաքական քննախօսութիւն»-ով «կրօնի նկատմամբ անարգանքի» պիտակը ճեղքեց` դառնալով բանական մտածելակերպի ռահվիրան:

Բիւ՛ր յարգանք Պարուխ Սփինոզային եւ անոր ճամբէն անցած ու «արգիլուած գիրքերու ցանկ»-ին մէջ ներառուած աշխատութիւններ ունեցող բանապաշտներուն:

aztagdaily.com/archives/459762

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail