Այսօր` ԵՏՄ-ի Բարձրագոյն Տնտեսական Խորհուրդի Նիստը

Այսօր` ԵՏՄ-ի Բարձրագոյն Տնտեսական Խորհուրդի Նիստը

01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Քրեմլինի Մամլոյ Ծառայութիւն. Փութին Երեւանի Մէջ Առանձին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փաշինեանի Հետ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր աշխատանքային այցելութեամբ պիտի հասնի Երեւան: Այս տեղեկութիւնները պաշտօնապէս հաստատած է Ռուսիոյ նախագահին կայքը:

Փութին Երեւան պիտի գտնուի Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար: Ըստ օրակարգի, պիտի քննարկուին ԵՏՄ-ի յառաջիկայ աշխատանքները, յաջորդ տարուան ծրագիրները: Նիստերուն պիտի մասնակցին նաեւ Մոլտովայի նախագահը` իբրեւ դիտորդ երկրի ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ Իրանի նախագահը եւ Սինկափուրի վարչապետը` իբրեւ հիւրեր:

Նախագահ Փութինի օրակարգին վրայ նախատեսուած են նաեւ առանձին հանդիպումներ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:

1 հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԵՏՄ-ի Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Խըրխըզիստանի նախագահ Սոորանպայ Ժէենպեքով, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ-Թոքայեւ եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:

30 սեպտեմբերին արդէն Հայաստան հասան Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին, որ ներկայ պիտի գտնուի այս ժողովին, եւ Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ-Թոքայեւը:

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Սինկափուրի վարչապետ վարչապետ Լի Սիեն Լոնք` հրաւիրեալ երկրի ղեկավարի կարգավիճակով, Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն` իբրեւ դիտորդ:

Իսկ ԵՏՄ Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան գտնուող Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ 30 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ հաստատեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն առումով իր երկրին քաղաքականութեան մէջ ոչինչ փոխուած է` դիտել տալով, թէ նոյնիսկ եթէ Հայաստան հրաժարի Պիելոռուսիոյ հետ համագործակցելէ, երկու պետութիւնները պիտի շարունակեն մնալ բարեկամներ: Ան շեշտեց, որ իր երկիրը լաւ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանին հետ: «Դուք մի՛ մտածէք, որ մենք որեւէ մեկուն հետ բարեկամութիւն կը կատարենք ընդդէմ Հայաստանի: Մենք պատրաստ ենք աշխատելու ի շահ Հայաստանի: Մենք պարտաւոր ենք արտայայտել հայերուն եւ պիելոռուսերուն սպասումները, մենք պէտք է բարեկամութիւն ընենք, քանի որ մեր ժողովուրդները բարեկամ են, իսկ մենք պէտք է անոնց կամքը կատարենք», ըսաւ նախագահ Լուքաշենքօ:

 

Ան նշեց, որ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ տնտեսութիւնները նման են, ուստի պէտք է օգտուիլ մէկզմէկու փորձառութենէն եւ միացեալ ծրագիրներ մշակել:

aztagdaily.com/archives/459979

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail