Էրզրումէն Այլեւս Ձայն Չի Հնչեր…

13 նոյեմբեր 2015
partsr-hayk
Լեւոն Շառոյեան կը գրէ.

Շատ զարմացայ՝ երբ ձեռք առի Բարձր Հայքի Հայր. Միութեան Լիոնի մասնաճիւղին «Ծրագիր-կանոնագիր»ը պարունակող պրակը, որ տպուած է 1931ին։ Չէի գիտեր, թէ այս հնաւանդ անունով մկրտուած հայրենակցական միութիւն մը գոյութիւն ունեցեր է տասնամեակներ առաջ։ Փաստն այն է, որ նմանապէս հին պատմական անուանումներ կրող Վասպուրականի կամ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւններուն քովն ի վեր՝ կայ եղեր Բարձր Հայքի Միութիւնն ալ…։ Բայց այսօր, սփիւռքի տարածքին, քանի՞ հայ մարդ կրնայ լսած ըլլալ «Բարձր Հայք» անունը։ Եթէ ընթերցասէր ու պրպտող անձ մը չէք, կամ հայագիտական ամպիոնի մը չէք աշակերտած, դժուար թէ հանդիպած ըլլաք Բարձր Հայքին…։ Բարձր Հայքը պատմական հին Հայաստանի (Մեծ Հայք) 15 նահանգներէն մէկն էր։ Այսօրուան աշխարհագրական քարտէսներուն վրայ անիկա կը համապատասխանէ Էրզրումի նահանգին ու շրջակայքին։ Իսկ Էրզրումը մեր հայկական անուանումով՝ Կարինն է։ Ամէն անգամ որ Կարնոյ անունը լսեմ, անմիջապէս ու բնազդաբար երեք բան կը մտաբերեմ.-

Ա) «Պաշտպան Հայրենեաց» ընդյատակեայ գաղտնի կազմակերպութիւնը, որ ծնունդ առաւ Կարնոյ մէջ 1881ին, եւ որ կը նկատուի հայ քաղաքական առաջին կազմակերպչական կորիզը Արեւմտահայաստանի տարածքին, նախքան հայ կուսակցութիւններուն երեւումը։

Բ) Սանասարեան վարժարանը, որ Կարնոյ պարծանքը մնաց երկար տարիներ, եւ ուրկէ շրջանաւարտ եղաւ փայլուն ու պիտանի ամբողջ սերունդ մը։

Գ) Մեր հանրային երեւելի դէմքերէն Արմէն Գարօն (Փաստրմաճեան), որ Կարնոյ հայութիւնը կը ներկայացնէր Օսմանեան խորհրդարանէն ներս, յետ սահմանադրական տարիներուն…

Վերադառնալով Բարձր Հայքին, պարզ կը դառնայ ուրեմն, որ այս անունը կրող հայրենակցական միութեան երդիքին տակ համախմբուեր են առաւելաբար կարնեցիները, բայց նաեւ՝ Կարնոյ դաշտի եւ շրջակայքի հայաբնակ վայրերու վերապրողները,- երզնկացիներ, բաբերդցիներ, քղեցիներ, դերջանցիներ…։ Ըստ գերմանացի Եոհաննէս Լեփսիուսի վկայութեան, Եղեռնի նախօրէին Կարնոյ նահանգը ունէր 200 հազար հայ բնակիչ, որոնցմէ փրկուեցաւ 40 հազարը։ Այս վերապրողներն են անշուշտ, որ զանազան գաղութներու մէջ քով-քովի եկան ու հիմնեցին իրենց հայրենակցական միութիւնները։ Վիճակագրութիւն մը կ՚ըսէ, թէ 1932ին Մարսիլիոյ մէջ կար կարնեցի 105 ընտանիք (450 հոգի)։

Կարնեցիներու 800 էջանի պատմագիրքը հրատարակուած է 1957-ին, Պէյրութ, «Յուշամատեան Բարձր Հայքի – Կարինապատում» անունով, Ղազար Չարըգի խմբագրութեամբ։ Բայց անկէ առաջ՝ Կարնոյ պատմութեան վրայ աչքի լոյս թափած էին մասնաւորաբար Վիեննայի Մխիթարեան Ուխտի երբեմնի բանիբուն միաբանները։ Զորօրինակ, Հ. Յակոբոս Վրդ. Քօսեան 20ական թուականներուն երկու անջատ հատորներով լոյս ընծայեր էր Կարնոյ եւ շրջակայ հայաբնակ գիւղերուն տեղագրութեան, պատմութեան եւ սովորութիւններուն նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնը, Հ. Համազասպ Ոսկեան համապարփակ սեւեռումի ենթարկեր էր «Բարձր Հայքի վանքերը» (1951), Հ. Յակոբոս Տաշեան գրեր էր Կարնոյ Խոտորջուր գաւառակին ու շրջակայ հայաբնակ վայրերուն մասին ծաւալուն աշխատասիրութիւն մը (որ հրատարակուեցաւ հեղինակին մահէն 40 տարի ետք, 1973ին), նոյն Խոտորջուրի պատմութեան, սովորութիւններուն ու ճակատագրին մասին յուշամատ եան մը (1964) պատրաստեր էին Հ. Յարութիւն Հուլունեան եւ Հ. Մատթէոս Հաճեան։ Յիշեալ բոլոր վարդապետներն ալ բնիկ կարնեցիներ էին…։ Որքան որ գիտենք, երկար տասնամեակներէ ի վեր լուծարքի ենթարկուած են Կարնոյ հայրենակցական միութիւնները…։ Ա՛լ Կարինը յիշող չկայ, բացի երբեմն-երբեմն գինարբուքի սեղաններէն լսուող հի՜ն ու անոյշ երգէ մը.- «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի Հայոց լեռներէն…»:

ԵՌԱԳՈՅՆ

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail