Երեւանի Մէջ տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Վարչապետին եւ Իրանի Նախագահին Հանդիպումը
01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ, որ Հայաստան կը գտնուի ԵԱՏՄ Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով:
Ողջունելէ ետք Իրանի նախագահը` Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ սա Իրանի նախագահի առաջին այցն է Հայաստան` մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք, եւ Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կու տան հարեւան եւ բարեկամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն․․․Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութէան նախագահ Հասան Ռոհանին շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար. «Մենք մեծապէս կարեւոր կը համարենք Հայաստանի հետ բոլոր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ ընդլայնումը` որպէս բարեկամի եւ հարեւանի: Մենք պատրաստ ենք Ձեր կառավարութեան հետ շարունակել աշխատանքները` նոր ծրագիրներ մշակելու եւ կեանքի կոչելու նպատակով, ընդլայնել կազ` ելեկտրականութեան դիմաց ծրագրի ծաւալները: Միաժամանակ, պատրաստակամ ենք Հայաստանի մէջ կազի, քամիի եւ արեւի միջոցով ելեկտրականութեան արտադրութեան ծրագիրներու իրականացման: Մենք շահագրգռուած ենք ուժանիւթի ոլորտին մէջ տարածաշրջանային նախագիծերու կեանքի կոչմամբ եւ ենթակառուցուածքներու զարգացմամբ»: Հասան Ռոհանիի խօսքով` իրանական կողմը հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեամբ նաեւ փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ, որոնց շարքին՝ մեր երկրի մէջ տարբեր ճանապարհաշինական ծրագիրներու մէջ ներգրաւուելու գործին մէջ։
Վարչապետ Փաշինեան ողջունած է իրանական կողմի պատրաստակամութիւնը` ընդլայնելու կազ` ելեկտրականութեան դիմաց ծրագիրը: Հայաստանի վարչապետը եւ Իրանի նախագահը երկու երկիրներու կառավարութիւններու պատասխանատուներուն յանձնարարած են սեղմ ժամկէտներու մէջ մշակել եւ ներկայացնել նշուած ոլորտին մէջ համագործակցութէան ընդլայնման առաջարկներ:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ երկաթուղային բնագաւառին, բարձր արհեստագիտութիւններու, մաքսային, գիտութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Ռոհանին ընդգծած է, որ վարչապետ Փաշինեանի՝ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարումը ստանձնելէն ետք երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները զգալիօրէն աճած են, իսկ համատեղ ծրագիրները կը շարունակուին յաջողութեամբ: Իրանի նախագահը աւելցուցած է, որ իրենք պատրաստակամ են քննարկելու նաեւ Մեղրիի ՋԵԿ-ի կառուցման ծրագիրը կեանքի կոչելու գործընթացը, ընդլայնելու երկկողմ ներդրումներու, ազատ առեւտուրի գօտիներու միջոցով առեւտրաշրջանառութէան ծաւալները:
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ Պարսից ծոցը Սեւ Ծովուն միացնելու տարանցիկ ուղիներուն վերաբերող հարցերու շուրջ: Վարչապետ Փաշինեան շեշտած է, որ այդ ծրագիրը կեանքի կոչելը կը բխի մեր երկրի ռազմավարական շահերէն, եւ Հայաստանը պատրաստ է գործնական քայլեր իրականացնելու այդ նպատակով:
Հանդիպման ընթացքին խօսուած է նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին: Հասան Ռոհանի կարեւոր համարած է հակամարտութեան կարգաւորումը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով` հաշուի առնելով հակամարտող բոլոր կողմերու դիրքորոշումներն ու կարծիքները:
yerakouyn.com/2019/10/01/երեւանի-մէջ-տեղի-ունեցաւ-հայաստանի-վա/