Երեւանի Մէջ Մեկնարկեց ԵԱՏՄ Բարձրագոյն Խորհուրդի Նիստը

Երեւանի Մէջ Մեկնարկեց ԵԱՏՄ Բարձրագոյն Խորհուրդի Նիստը

01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Երեւանի մէջ մեկնարկեց Եւրասիական տնտեսական միութեան Բարձրագոյն խորհուրդի նիստը:

«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմաւորեց նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած երկիրներուն ղեկավարները: Արարողակարգային դիմաւորումէն, լուսանկարուելէն ետք, պետութիւններուն առաջնորդները եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահը Բաղրամեան 26-ի մէջ կը պատրաստուին նիստի նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով հանդիպումներուն:

Նիստի օրակարգին ընդգրկուած է 19 հարց, որոնցմէ 3-ը պիտի քննարկուի նեղ կազմով, 16-ը` ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին:

ԵԱՏՄ Բարձրագոյն խորհուրդի նեղ կազմով նիստին պիտի մասնակցին ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ղեկավարները` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօ, Ղրղզստանի Հանրապետութեան նախագահ Սոորոնպա Ժէենպեկով, Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ Ժոմարթ-թոքաեւ եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:

Ընդլայնուած կազմով նիստին` հրաւիրեալ երկրի ղեկավարի կարգավիճակով կը մասնակցին նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, Սինկափուրի Հանրապետութէան վարչապետ Լի Սյեն Լուն: Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն նիստին կը մասնակցի` որպէս դիտորդի կարգավիճակի մէջ գտնուող երկրի ղեկավար:

ԵԱՏՄ Բարձրագոյն խորհուրդի նեղ կազմով նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրասիական տնտեսական ֆորումին, Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահութեան ու անձնակազմին, ԵԱՏՄ անդամ երկիրներ ներմուծուող ապրանքներու մաքսատուրքերուն առնչուող հարցերը:

Ընդլայնուած կազմով նիստին պիտի քննարկուի ԵԱՏՄ 2018-ի ամավարկի կատարողականը, ԵԱՏՄ 2020-ի ամավարկը, ԵԱՏՄ միասնական ֆինանսական շուկայի կազմաւորման հայեցակարգը, ԵԱՏՄ ներքին շարք մը փոփոխութիւններ եւ Բարձրագոյն խորհուրդի յաջորդ նիստի կազմակերպման վայրը:

2019 թուականին ԵԱՏՄ-ի մէջ կը նախագահէ Հայաստանը:

yerakouyn.com/2019/10/01/երեւանի-մէջ-մեկնարկեց-եատմ-բարձրագոյ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail