Երեւանեան Նիստը Նոր Հորիզոններ Բացաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Առջեւ

Երեւանեան Նիստը Նոր Հորիզոններ Բացաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Առջեւ

02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Բարձրագոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը, որուն կը մասնակցէին ԵՏՄ անդամ պետութիւններու ղեկավարները եւ 3 հրաւիրեալ երկիրներու առաջնորդներ:

Ընդլայնուած կազմով նիստին պիտի քննարկուէր ԵՏՄ-ի 2018-ի պիւտճէի կատարողականը, ԵՏՄ-ի 2020-ի պիւտճէն, ԵՏՄ-ի միասնական ֆինանսական շուկայի կազմաւորման հայեցակարգը, ԵՏՄ-ի ներքին շարք մը փոփոխութիւններ եւ Բարձրագոյն խորհուրդի յաջորդ նիստի վայրը:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` իբրեւ ԵՏՄ-ի նախագահող եւ հիւրընկալող երկրի ղեկավար, ողջունելով նիստին մասնակիցները` նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է հերթական նիստի ընթացքին ներկաները ողջունել Երեւանի մէջ:

«Մեր կազմակերպութիւնը, որ արդէն 5 տարեկան է, կը շարունակէ տարուէ տարի աւելի ամուր դառնալ: Անիկա արդէն ցոյց տուած է իր կենսունակութիւնը եւ գրաւչութիւնը` իբրեւ միջազգային համարկումի միութիւն», ընդգծեց Հայաստանի վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, թէ Հայաստանը այս տարի ԵՏՄ-ի նախագահող երկիրն է եւ բացի միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներէն, նիստին կը մասնակցին Սինկափուրի վարչապետը, Իրանի եւ Մոլտովայի նախագահները. «Ատիկա մեր նախագահութեան խորհրդանշական գագաթնակէտն է»:

Վարչապետը նշեց, որ առաջին անգամ նիստի շրջագիծին մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային համաժողով` նուիրուած Եւրասիական մայր ցամաքի տարանցման կարելիութիւններուն: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ այս իրադարձութիւնը պիտի ծառայէ իբրեւ արդիւնաւէտ հարթակ` առեւտրական-տնտեսական կապերը ամրապնդելու եւ Եւրասիական տարածքին մէջ գումակային պատկերացումներ  մշակելու համար:

Արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար Նիկոլ Փաշինեանը կարեւոր նկատեց ԵՏՄ-ի շրջագիծին մէջ աշխատուժի ազատ տեղաշարժի համար առկայ արգելքները վերացնելուն ուղղուած միջոցները, որոնք կը խոչընդոտեն աշխատուժի միասնական շուկայի ձեւաւորումը:

Անոր համաձայն, ելեկտրոնային թուային ստորագրութիւններու փոխադարձ ճանաչումը հաւանական մատակարարներու` ելեկտրոնային ձեւաչափով գնումներուն անխոչընդոտ մասնակցութիւնը ապահովելու համար նոյնպէս առանձնայատուկ ուշադրութիւն պահանջող առաջնահերթ հարցերէն է, եւ անհրաժեշտ է բոլորին համար ընդունելի լուծում գտնել:

Վարչապետը ըսաւ, թէ համարկումի գործընթացը կ՛ըլլայ աւելի աշխուժ, եթէ մեր քաղաքացիները համոզուին, որ մեր աշխատանքին շնորհիւ որոշումներ կը կայացուին զգայուն հարցերու վերաբերեալ, որոնք անոնց կենսամակարդակի եւ աշխատանքային պայմաններու անմիջական բարելաւման կը հասցնեն: «Վստահ եմ, որ այս ուղղութեամբ իրականացուող հետեւողական աշխատանքը թոյլ կու տայ մեզի ո՛չ միայն արդիւնաւէտօրէն վերացնել խոչընդոտները, այլեւ կը նպաստէ աւելի  ամբողջական համարկման` հաւասարութեան, փոխադարձ շահի եւ մէկզմէկու շահերու յարգանքի սկզբունքներու հիման վրայ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ կը նկատեն աշխուժացնել միացեալ ջանքերը` ուղղուած ԵՏՄ-ի երկիրներուն միջեւ ազգային արժոյթներով հաշուարկներու անցման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման. «Հակառակ դրական աշխուժութեան` կան ոլորտներ, մասնաւորապէս, կազի շուկան, ուր ԵՏՄ-ի երկիրներու  ապրանքները աւանդաբար կ՛առաջարկուին միութեան անդամ չհանդիսացող երկիրներու ազգային արժոյթով, եւ ազգային արժոյթներով փոխադարձ գործակցութեան համար դաշտի առաւելագոյն ընդլայնումը պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթութիւններու շարքին»:

Փաշինեան ըսաւ, թէ այսօրուան հանդիպման օրակարգին վրայ ներառուած է Միասնական ֆինանսական շուկայ ստեղծելու հայեցակարգի հարցը. «Ասիկա ինքնին արդէն լուրջ քայլ է ընդհանուր ֆինանսական տարածքի ձեւաւորման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ նախադրեալ է ԵՏՄ-ի ժամանակակից վճարահաշուարկային համակարգի կառուցման եւ ազգային արժոյթներով հաշուարկներու անցնելուն բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Եւրասիական տնտեսական միութեան արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու աշխարհագրութեան ընդլայնումը: Անոր համաձայն, արդէն այս ամիս ուժի մէջ կը մտնեն Իրանի եւ Չինաստանի հետ համաձայնագիրները:

«Օգտուելով անկէ, որ այստեղ ներկայ է յարգելի պարոն Ռուհանին, ես կը ցանկամ վստահութիւն յայտնել, որ ԵՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ ժամանակաւոր համաձայնագիրը կը ծառայէ իբրեւ մղիչ ուժ մեր փոխադարձ առեւտուրի հետագայ զարգացման համար: Ատիկա դրականօրէն պիտի ազդէ մեր երկիրներու տնտեսական վիճակին վրայ` յաւելեալ արժէքի նոր շղթաներու լրացման եւ ստեղծման հաշուոյն», ըսաւ Փաշինեան:

Աւարտած Են Սինկափուրի Հետ Բանակցութիւնները

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ յայտնեց, որ արդէն աւարտած են Սինկափուրի հետ բանակցութիւնները: Այսօր (երէկ, «Ա.») պիտի ստորագրուի ԵՏՄ-ի, անոր անդամ երկիրներու եւ Սինկափուրի Հանրապետութեան միջեւ Ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրը:

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ յայտնեց, որ Սերպիոյ հետ բանակցութիւնները եւս աւարտած են, եւ շուտով կը նախատեսուի ստորագրել համապատասխան համաձայնագիր ազատ առեւտուրի մասին:

«Մենք նպատակ ունինք արդիւնաւէտ աւարտին հասցնել նաեւ Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Հնդկաստանի հետ բանակցութիւնները, ինչ որ  առաւելութիւններ պիտի ընձեռէ մեր միաւորումին` դարձնելով զայն նաեւ ներդրումներու ներգրաւման կեդրոն», նշեց Հայաստանի վարչապետը:

Փութին. «Առաջնահերթութիւն Է Ֆինանսական Ոլորտին Մէջ Համամիութենական Կարգաւորման Ներդրումը»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին համաձայն է Եւրասիական տնտեսական միութեան Բարձրագոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին միութեան աշխատանքին մասին տրուած դրական գնահատականներուն:

«Անիկա կայունութեամբ կը զարգանայ, ստեղծուած է ծաւալուն ընդհանուր շուկայ, որ յաջողութեամբ կը գործէ: Եւրասիական միութեան շրջագիծին մէջ համարկումի հոլովոյթները աւելի բարենպաստ ազդեցութիւն կ՛ունենան մասնակից երկիրներու տնտեսութիւններու աճին վրայ եւ կը նպաստեն մեր քաղաքացիներու կենսամակարդակի բարելաւման», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ ան:

Ռուսիոյ նախագահը ընդգծեց, որ միաժամանակ անդամ երկիրներուն առջեւ նոր մարտահրաւէրներ կան, օրինակ, աւելի մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել ապրանքներու եւ ծառայութիւններու առեւտուրի խոչընդոտներու վերացման, որոնք առկայ են շուկայի տարբեր ոլորտներուն մէջ:

Առաջնահերթութիւններու կարգին է նաեւ ֆինանսական ոլորտին մէջ համամիութենական կարգաւորման ներդրումը, ընթացիկ նիստի աւարտին կը նախատեսուի այդ հարցին վերաբերեալ հայեցակարգի հաստատում:

«ԵւրԱզես-ի ֆինանսական շուկային վերաբերեալ փաստաթուղթը պիտի դառնայ ճանապարհային քարտէս դրամատնային եւ ապահովագրական ծառայութիւններու, արժեթուղթերու հետ կապուած գործարքներու  վերաբերեալ ընդհանուր կանոններու մշակման ու հաստատման համար», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ նախագահը գոհունակութեամբ խօսեցաւ նաեւ ուժանիւթի ոլորտի միութենական օրէնսդրութեան  կատարելագործման մասին:

Փութին ընդգծեց, որ ԵՏՄ-ի պայմանագիրներու աշխարհագրութիւնը միշտ կ՛ընդլայնի:

«Միաւորումը առարկայական բանակցութիւններ կը վարէ քանի մը երկրի, ինչպէս նաեւ 20 միջազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու հետ: Անոնց կարգին են Սերպիան, Իսրայէլը, Եգիպտոսը: Շուտով ազատ առեւտուրի գօտիի վերաբերեալ  նոյնանման բանակցութիւններ պիտի սկսին Հնդկաստանի հետ, որ մեծ շուկայ ունի եւ տնտեսութեան զարգացման արագութեամբ այսօր աշխարհին մէջ առաջինն է», յայտարարեց ան:

Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, թէ 23-24 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Ռուսիա-Ափրիկէ վեհաժողովը, Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը մտադիր է ստորագրել փոխըմբռնման յուշագիր Ափրիկեան միութեան հետ:

Ռուհանին ԵՏՄ-ի Ներդրողները Կը Հրաւիրէ Օգտուելու Իրանի Տարածքով Տարանցման Կարելիութիւններէն

Եւրասիական տնտեսական միութեան Բարձրագոյն խորհուրդի նիստին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին իր ելոյթի ընթացքին նշեց, թէ ուրախ է, որ իրեն առիթ տրուած է մասնակցելու այս նիստին, որ տեղի կ՛ունենայ հրաշալի պատմական քաղաքի` Երեւանի մէջ:

Անոր համաձայն, ԵՏՄ-ի Բարձրագոյն խորհուրդի նիստը առիթ կու տայ կարծիքներ փոխանակելու միջազգային եւ շրջանային հարցերու վերաբերեալ: Ան յոյս յայտնեց, որ քննարկումները պիտի բերեն արժէքաւոր արդիւնքներ:

Հասան Ռուհանի ըսաւ, որ բոլոր երկիրները պարտաւոր են դէմ հանդէս գալ միակողմանիութեան, հանդէս գալ միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան` խաղաղութեան, անվտանգութեան, կայունութեան եւ միջազգային կարգի պահպանման նպատակով:

«Որոշ երկիրներու, այդ կարգին Իրանի հանդէպ Միացեալ Նահանգներու թշնամական ու միակողմանի գործողութիւնները հասցուցին դաժան ու անմարդկային պատժամիջոցներու», ըսաւ Իրանի նախագահը:

Ինչ կը վերաբերի ԵՏՄ-ին, Հասան Ռոհանի նշեց, որ Իրանի եւ ԵՏՄ-ի միջեւ ստորագրուած ազատ առեւտուրի գօտիին մասին համաձայնագիրը քայլ մըն է, որ ուղղուած է բազմակողմանի առեւտրական կառոյցներու ամրապնդման:

Անոր համաձայն, Իրանի աշխարհագրական դիրքը թոյլ կու տայ իրականացնել տարանցում տարբեր ուղղութիւններով: Հասան Ռուհանի  նշեց, որ ԵՏՄ-ի ներդրողները կը հրաւիրէ օգտուելու այդ կարելիութիւններէն:

aztagdaily.com/archives/460130

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail