Հնագոյն Քաղաքակրթութիւններ Եւ Նորագոյն Քաղաքական Հարցեր

Հնագոյն Քաղաքակրթութիւններ Եւ Նորագոյն Քաղաքական Հարցեր

02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀՆԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

“Ազդակ”

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջանակներուն մէջ կայացած հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի նախարարական հանդիպումին Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը ուշագրաւ երեւոյթ է, որ իր վրայ կը կեդրոնացնէ կարգ մը դիտարկումներ:

Նախ պէտք է ըսել, որ երկար ճամբայ չեն անցած միջազգային այս ձեւաչափով համագործակցութիւն առաջադրող համախմբումի աշխատանքները: Ասիկա երրորդ համախմբումն է, որ հին քաղաքակրթութեան տէր երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կը կայացուի եւ որուն պաշտօնական Երեւանը ունեցած է ուշագրաւ մասնակցութիւն` իբրեւ հնագոյն քաղաքակրթութեան տէր պետութիւն:

Առաջադրանքը անշուշտ աշխարհակարգային ըմբռնումով խիստ այժմէական կը հնչէ: Եւ աստեղ երկու ընկալումով կայ հրատապութիւն ներկայացնող օրախնդիր: Առաջինը քաղաքակրթական յիշատակարաններու ուղղակի բնաջնջումն է` ծայրայեղ կրօնական տեսքով նորագոյն ահաբեկչական շարժումի ձեռամբ, եւ երկրորդ` արհեստագիտութեան անվերահսկելի արագընթացութեամբ եւ անդադրում նորացումներով քաղաքակրթութիւններու դիմափոխման, եթէ ոչ նոյնիսկ վերափոխակերպման շարունակուող գործընթացը: Ի դէպ, մշակութային ժառանգութեան բնաջնջումի վառ օրինակներ աշխարհին հրամցուցած են թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ազրպէյճանը, հայապատկան տարածքներէն համամարդկային արժէք ներկայացնող վկայութիւնները վերացնելու նպատակով:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ

Քաղաքակրթութիւններու կերպարանափոխումը իր հետ կը բերէ նաեւ արժեհամակարգերու վերաիմաստաւորում, եթէ դրական ընկալում ուզենք օգտագործել, այլապէս վերաիմաստազրկում` քիչ մը աւելի իրատեսական մօտեցում որդեգրելու պարագային:

Յամենայն դէպս այս բոլոր հանգամանքները կը նշուին պարզապէս առաջադրանքի այժմէականութիւնը ընդգծելու եւ այդ հրամայականին ընդառաջ միջպետական համագործակցութեամբ հնագոյն քաղաքակրթական արժէքներ միջազգային հարթութեան վրայ պահելու փորձերը լուսարձակի տակ բերելու համար:

Այդ ֆորումին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութեան մէջ ուշագրաւ բաժինը կը կազմէ հետեւեալը. «2017 թուականի Աթէնքի եւ 2018 թուականի Թիուանաքուի հռչակագրերը սահմանեցին մեր` մասնակից պետութիւններիս միջեւ համագործակցութեան շրջանակներն այնպիսի կարեւոր հարցերի շուրջ, ինչպիսիք են մշակութային սեփականութեան ապօրինի փոխադրման արգելքը եւ կանխարգելումը, դէպի ծագման երկիր դրանց վերադարձին նպաստելը»:

Մշակութային սեփականութեան ապօրինի փոխադրման արգելքի կիրարկման եղանակներու ճշդումը համեմատաբար աւելի դիւրին է, քան առաջադրանքին երկրորդ բաժինը: Որեւէ պետութիւն կրնայ սահմանել այն չափորոշիչները, որոնց հիման վրայ մշակութային ժառանգութեան նշանակութիւն ունեցող իրերը չեն կրնար դուրս գալ բնօրրանէն: Մինչ երկրորդը, որ խիստ կենսական նշանակութիւն ունի, յատկապէս մեր պարագային, գործնական բազմակի արգելքներ կը դիմագրաւէ:

Խօսքը սփռուած ազգային մշակութային ժառանգութեան հետ աղերս ունեցող իրերու հայրենադարձութեան մասին է, որ բազմաթիւ պետութիւններ իբրեւ խնդիր կը դիմագրաւեն եւ կ՛աշխատին հարթել անոնց տունդարձի ճամբան:

Մեր մշակութային ժառանգութեան սփռուածութեան համապատկերը ժամանակի ընթացքին ընդլայնուած աշխարհագրութիւն ունի. Իսկ առաջադրանքը ճիշդ է, որ նախ եւ առաջ միջպետական համագործակցութեան հետ սերտօրէն առնչուած է տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող քաղաքակրթական ժառանգութիւնները սեփական պետութեան վերադարձնելու առումով, այդուհանդերձ սփիւռքահայ համայնքներու ներգրաւուածութիւնը անհրաժեշտ համահայկականութիւն մը կ՛ուրուագծէ:

Ֆորումին արտաքին գործոց նախարարին բարձրացուցած կարեւոր բանաձեւ ներառող այս բաժինը առանձին մեկնաբանութեան արժանի է: «Շատ կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել, որ անդամակցութիւն հայցող պետութեան քաղաքակրթութիւնն ունենայ ապացուցուած շարունակական պատմութիւն, որ այն յարգի ո՛չ միայն իր, այլեւ հարեւան երկրների պատմութիւնը` ներառեալ ակադեմիական հետազօտութեան հանդէպ պատասխանատու վերաբերմունքով: Փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ աշխատելը մեր այս ֆորումի աշխատանքի առանցքային մեթոտն է»:

Այս բանաձեւը նման համախմբումէ դուրս կը պահէ շարունակական քաղաքակրթութեան պատմութեան գիտական ապացոյց չունեցող, այլ հարեւան երկիրներու պատմութիւնը չյարգող եւ պատմական իրողութիւնները ժխտող թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ազրպէյճանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու գերատեսչութեան պետը պատմական, ակադեմական, գիտական եւ քաղաքակրթական դիտանկիւններով յաջողած է բարձրացնել քաղաքական այժմէական խնդիրներ եւ կանխարգելիչ ազդակներ հաղորդել երկու երկիրներուն միջազգային քաղաքական հարթակ մուտք գործելը:

Միջպետական փոխշահաւէտ համագործակցութիւն եւ համահայկականութիւն` անշրջանցելի աշխատանքային բաղադրիչներ են յայտարարուած առաջադրանքի համար: Երկրորդ ուղղութիւնը, մասնակից միւս պետութիւններէն ոչ բոլորը կրնան նկատի ունենալ իրենց ծրագիրներու առարկայացման ընթացքին: Իսկ եթէ մտաբերենք նաեւ, որ հնագոյն քաղաքակրթութեան տէր պետութիւններուն միջեւ նման համագործակցութիւն քաղաքակրթական ինքնուրոյնութիւններու շեշտադրումով կը նպաստէ գերիշխանութեան պահպանման, ապա կը նկատենք, որ հայկական դիւանագիտութեան հանրահռչակած երեք սկզբունքներուն ընդառաջ կը շարժի պետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը ՄԱԿ-ի շրջագիծին մէջ:

yerakouyn.com/2019/10/02/հնագոյն-քաղաքակրթութիւններ-եւ-նորագ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail