Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Նախագահ Վլատիմիր Փութին Քննարկած Են Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Առնչուող Հարցեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Նախագահ Վլատիմիր Փութին Քննարկած Են Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Առնչուող Հարցեր

02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ողջունելով Ռուսիոյ նախագահ` վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է ԵՏՄ-ի աշխատանքներուն, ըսելով, որ տեղի ունեցած են յատկանշական իրադարձութիւններ` աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ այսօր իսկապէս Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած են յատկանշական իրադարձութիւններ, մենք ստորագրեցինք համաձայնագիր Սինկափուրի հետ, ուժի մէջ կը մտնէ Իրանի հետ ազատ առեւտուրի ժամանակաւոր համաձայնագիրը, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ այս ամէնը տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ: Ասիկա յիշարժան փաստ է Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան համար»:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան ըսած է, թէ Ռուսիան Հայաստանի համար ռազմավարական գործընկեր է, եւ Հայաստանը այդ ռազմավարական գործընկերութիւնը աւելի ու աւելի ամուր դարձնելու յոյս ունի:

Նախագահ Փութին խօսք առնելով ըսած է. «Ես կ՛ուզեմ հաստատել մեր յարաբերութիւններուն ռազմավարական բնոյթը, անոնք ամրապնդուած են ո՛չ միայն վերջին տարիներու եւ տասնամեակներու իրադարձութիւններով, այլ նաեւ մեր ժողովուրդներու յարաբերութիւններու դարաւոր պատմութեամբ»:

Ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ անցած առանձնազրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսիոյ նախագահը քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան, ռազմաքաղաքական գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման եւ շրջանային նշանակութեան հարցերու:

Նախագահ Վլատիմիր Փութին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրած է պաշտօնական այցելութիւն տալու Ռուսիա:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/460131

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail