Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայաստանի Նախագահին Եւ Վարչապետին Հետ

Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայաստանի Նախագահին Եւ Վարչապետին Հետ

02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախագահական նստավայրին մէջ ընդունեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին, որ եկած էր մասնակցելու Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին` հրաւիրեալ երկրի ղեկավարի կարգավիճակով:

Նախագահ Սարգսեան ըսաւ, թէ Իրան եւ Հայաստան միասին ապրած են հազարաւոր տարիներ, եւ երկու ժողովուրդները կրնան օրինակ ծառայել բարեկամական, եղբայրական յարաբերութիւններու` պատրաստակամութիւն յայտնելով ներդրում ունենալ անոնց ամրապնդման մէջ: Ան շեշտեց, որ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւնները շատ աւելի մեծ ներուժ ունին, քան կարելի եղած է օգտագործել` աւելցնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը պատրաստ է այս ուղղութեամբ տարբեր աշխատանքներու ծաւալելու:

Իրանի նախագահը իր կարգին անդրադարձաւ դարերէ եկող շատ սերտ ու մտերիմ յարաբերութիւններուն: Ըստ անոր, Եւրասիական տնտեսական միութիւնը պիտի սերտէ այդ համագործակցութիւնը, որպէսզի աւելի ուշ կարելի ըլլայ զանոնք գործնականացնել եւ առաւելագոյնս օգտուիլ անկէ, յատկապէս առեւտրատնտեսական բնագաւառին մէջ: Հ. Ռուհանի յոյս յայտնեց, որ երեւանեան համաժողովը պիտի նպաստէ ո՛չ միայն ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներուն հետ համագործակցութեան, այլ նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աւելի աշխուժացնելու:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-իրանական օրակարգի եւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր հարցերու շուրջ` շեշտելով, որ անոնք պէտք է առաւել եւս աշխուժացուին, եւ առաւելագոյնս օգտագործուին բոլոր կարելիութիւնները: Նշուեցաւ, որ ազատ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ զբօսաշրջութեան զարգացման: Առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացման առումով նախագահները կարեւոր նկատեցին ազատ տնտեսական գօտիներու արդիւնաւէտ աշխատանքը:

Նշելով, որ Հայաստան ունի մաքուր ուժանիւթի մեծ ներուժ` նախագահ Սարգսեան ըսաւ, թէ այս ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը կարելի է աւելի եւս ընդլայնել եւ առաջարկեց աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել այս ուղղութիւններուն, յատկապէս այն առումով, որ Իրան արեւային ուժանիւթի բնագաւառին մէջ մեծ յաջողութիւններ ունի: Անդրադառնալով երթեւեկի ոլորտին` Հայաստանի նախագահը նշեց, որ Հայաստանը Իրանին կապող մայրուղին ժամանակակից դարձնելով` մեծապէս պիտի աւելնան փոխադրումները:

Զրուցակիցները մեծագոյն դրուատիքով խօսեցան իրանահայ համայնքին մասին` ընդգծելով անոր մեծ դերակատարութիւնը երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:

Նոյն ծիրին մէջ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Հասան Ռոհանիի հետ հանդիպումին քննարկուեցան հայ-իրանական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Փաշինեան անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն դրական ըլլալուն եւ այդպէս շարունակուելուն` ըսելով. «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք է ըստ կարելւոյն դուրս ըլլան աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւններէ, որովհետեւ մենք անմիջական դրացիներ ենք եւ ունինք շատ ընդհանուր շահեր, եւ մենք դեռ շատ երկար դարեր եւ հազարամեակներ պէտք է համագործակցինք»:

Փաշինեան նաեւ հաստատեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ: Իր կարգին, Հասան Ռուհանի կարեւոր նկատեց տագնապի լուծումը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով` հաշուի առնելով հակամարտող բոլոր կողմերուն դիրքորոշումներն ու կարծիքները:

Երկուստեք կարեւոր նկատեցին պարբերաբար գումարուող երկկողմանի միջկառավարական յանձնախումբի նիստերու գործունէութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած են տնտեսական կապերու զարգացման միտուած պայմանաւորուածութիւններ:

Նախագահ Հասան Ռուհանի շատ կարեւոր նկատեց Հայաստանի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ ընդլայնումը` իբրեւ բարեկամ եւ դրացի երկիր:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/460129

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail