Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն Արցախի Խորհրդարան Այցելեց

Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն Արցախի Խորհրդարան Այցելեց

02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, թէ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 1 Հոկտեմբերին ընդունեց երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ ժամանած Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի ատենապետ Ֆրենք Փալոնը:

Արցախի մէջ, քոնկրեսականին կ՛ուղեկցին անոր օգնական Ճէյմզ Ճանսըն, Հայաստանի խորհրդարանի պագամաւորներ Մարիա Կարապետեան եւ Ծովինար Վարդանեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:

Ղուլեան կարեւոր համարեց քոնկրեսականին Արցախ պարբերական այցելութիւնները, որոնք հիմք կը հանդիսանան Փալոնի կողմէ Քոնկրեսին մէջ նոր նախաձեռնութիւններու եւ բանաձեւերու ներկայացման:

Rep. Frank Pallone disembarks from a helicopter at Stepanakert Airport on Oct 1

Խորհրդարանի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականին՝ Ղարաբաղեան շարժումին 30ամեակին առիթով Արցախի ժողովրդին ուղղուած՝ իր եւ իր գործընկերներուն տեսաուղերձներուն համար՝ նշելով. «Դրանք Արցախի ժողովրդին ոգեշնչելուց զատ նաեւ փաստում են Միացեալ Նահանգների հաւատարմութիւնը ազատութեան բացարձակ գաղափարին»:

Իր կարգին, Փալոն ներկայացուց տարածաշրջանին մէջ ապահովական հաւասարակշռութեան պահպանման անհրաժեշտութեան ուղղուած իր եւ գործընկերներուն յետագայ ծրագիրները եւ յայտնեց, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է ունենայ միայն խաղաղ կարգաւորում՝ Արցախի հայկականութեան եւ անոր ապահովութեան ներկայիս գոյութիւն ունեցող բաղադրիչներուն պահպանումով:

Կողմերը նաեւ քննարկեցին Արցախի տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումը շարունակուեցաւ խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավար կազմերուն եւ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ:

Ղուլեան նշեց, որ նման հանդիպումներ »հնարաւոր են դարձնում չէզոքացնելու Ադրբեջանի կողմից Արցախը մեկուսացնելու արհեստական փորձերը եւ Արցախի մասին անաչառ տեղեկատուութիւն տարածելու՝ Միացեալ Նահանգներում եւ ամբողջ աշխարհում«:

Փալոն, ողջունելով ներկաները՝ աւելցուց, որ իր Արցախ գտնուելուն հիմնական նպատակը աշխարհին ցոյց տալն է, որ Արցախը կայացած եւ ժողովրդավարական պետութիւն է, եւ շեշտեց, թէ նման այցելութիւններով պէտք է աշխուժացնել համագործակցութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ տարբեր երկիրներու պետական մարմիններու միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ամերիկայի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներու վերաբերող հարցեր: Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան:

Նշենք, որ Փալոնը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի օդանաւակայանին մէջ դիմաւորեցին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ Դաւիթ Մելքումեան եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆելիքս Խաչատրեան:

asbarez.com/arm/354593/Քոնկրեսական-Ֆրենք-Փալոն-Արցախի-Խորհր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail