Արցախի Տագնապին Լուծում Պէտք Է Գտնել Ուղիղ Երկխօսութեան Միջոցով․ Լաւրով
03 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արցախի վերաբերող իրավիճակի կարգաւորման քաղաքական գործընթացը արգելակուած է, տակաւին կարելի չէ եղած յառաջ ընթանալ այդ ուղղութեամբ։
Վկայակոչելով “ԹԱՍՍ” լրատու գործակալութիւնը, »Արմէնփրէս”ը կը գրէ, որ այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով՝ ելոյթ ունենալով «Վալտա» միջազգային քննարկումներու ակումբի 16րդ միջազգային նիստին:
«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, վերջերս իրավիճակը շփման գիծին վրայ բաւական հանգիստ է, միջադէպեր քիչ տեղի կ՛ունենան եւ անոնք շատ մեծ չեն: Տեղի ունեցած է զոհերու մարմիններու փոխանակում, կը պատրաստուի բանտարկուած մարդոց փոխանակում՝ քիչ քանակութեամբ, սակայն այնուամենայնիւ որոշ գործընթաց տեղի կ՛ունենայ: ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահները սերտօրէն կ՛աշխատին արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Գետնի վրայ տիրող իրավիճակին մասին ըսեմ, որ անիկա աւելի հանգիստ է, քան տարի մը առաջ, սակայն քաղաքական գործընթացը սառեցուած է, տակաւին այդ արգելակումէն կարելի չ՛ըլլար դուրս գալ»,- ըսաւ Լաւրով:
Անոր համաձայն՝ հնչող յայտարարութիւնները չեն նպաստեր քաղաքական գործընթաց ստեղծելու մթնոլորտին: “Սակայն մենք՝ որպէս համանախագահներ, ամերիկացիներու եւ ֆրանսացիներու հետ կ՛աշխատինք միասին եւ միասնական տեսլական ունինք այս հարցին շուրջ: Մենք կը փափաքինք գտնել լուծումը, զոր, ի հարկէ, պէտք է գտնել ուղիղ երկխօսութեան միջոցով”,- հաստատեց Լաւրով:
yerakouyn.com/2019/10/03/արցախի-տագնապին-լուծում-պէտք-է-գտնել-ո/