Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է Սերկէյ Լաւրովի Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Հանրապետության արտաքին գործերի նախարարության մամուլի խոսնակ Աննա Նաղդալյան

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է Սերկէյ Լաւրովի Յայտարարութիւններուն

03 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող որոշ յայտարարութիւնները: Արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգին մէջ նշուած է.

«Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ աջակից ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին, որուն անաչառ եւ անկողմնակալ միջնորդութիւնը խաղաղ լուծման, այս հարցին մէջ համանախագահ երկիրներուն միջեւ միասնութեան պահպանման գրաւականն է:

Միեւնոյն ժամանակ կարեւոր կը նկատենք, որ միջնորդներէն իւրաքանչիւրը խուսափի ընտրովի եւ միակողմանի բնոյթ կրող գնահատականներէն:

Կը վերահաստատենք արտաքին գործոց նախարարութեան 6 օգոստոսի յայտարարութիւնը: Հայկական կողմի դիրքորոշումը յստակօրէն արտայայտուած է Հայաստանի վարչապետի բոլոր ելոյթներուն մէջ, ներառեալ` 24 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն արտասանած խօսքին մէջ, որ վերահաստատեց խաղաղութեան եւ փոխզիջման հասնելու Հայաստանի առաջարկած բանաձեւը: Այդ առումով անընդունելի կը նկատենք Ազրպէյճանի անկարողութիւնը հրապարակայնօրէն արտայայտուելու խաղաղ լուծման այնպիսի լուծումներու մասին, որոնք ընդունելի ըլլան Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար:

Ազրպէյճանի կողմէ բանակցութիւններու արդիւնքները միակողմանիօրէն կանխորոշող այն պնդումները, որ տագնապը պէտք է լուծուի «բացառապէս Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծին մէջ», չեն նպաստեր խաղաղ հոլովոյթի յառաջ մղման համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման»:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան` դիակներու փոխանակման, ինչպէս նաեւ փոքրաթիւ քանակութեամբ կալանքի մէջ գտնուող անձերու փոխանակման մասին:

«Դիակներու փոխանակում տեղի չէ ունեցած, այլ արցախեան կողմը, իբրեւ մարդասիրական քայլ, թոյլ տուած է Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ծառայողի դիակի տարհանում:

Պէտք է յստակօրէն ամրագրենք, որ Հայաստանը կողմերու տարածքին մէջ կալանքի մէջ գտնուողներու փոխանակում չի դիտարկեր, այլ հանդէս կու գայ մարդասիրական իրաւունքի շրջագիծին մէջ իւրաքանչիւր առանձին դէպքի հասցէագրման դիրքերէ», նշած են արտաքին գործոց նախարարութենէն:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ

aztagdaily.com/archives/460421

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail