«Այստեղ Եմ, Որովհետեւ Կ՛ուզեմ Յստակ Դարձնել, Թէ Արցախը Պետութիւն Մըն Է, Ժողովրդավարական Պետութիւն Մը» Կ՛ըսէ Փալոն
03 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի) Արցախ հասնելէ ետք ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու հետ Արցախի կապերը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Փալոն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ խորհրդարանական ղեկավարներու հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է.«Այստեղ եմ, որովհետեւ կ՛ուզեմ յստակ դարձնել, թէ Արցախը պետութիւն մըն է, ժողովրդավարական պետութիւնը մը, եւ շատ կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ կարելի եղածին չափ շատ հանդիպումներ ըլլան»:
«Չեմ կարծեր, որ Ազրպէյճանին պէտք է զինուորական օժանդակութիւն տրամադրենք, որովհետեւ ամէն ցուցանիշ ցոյց կու տայ, թէ ան այդ օժանդակութիւնը պիտի օգտագործէ, եւ հաւանաբար Հայաստանի դէմ», ըսաւ ան արցախցի օրէնսդիրներուն:
Քոնկրեսականը այս տարի Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուց թիւ 190 բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ վերականգնելու ԵԱՀԿ-ի միջնորդութեամբ բանակցութիւններուն մէջ Արցախի դերակատարութիւնը: Այժմ 25 քոնկրեսականներ ստորագրած են բանաձեւին տակ:
«Քոնկրեսական Փալոնի Արցախ վերջին այցելութիւնը ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ թիւ 190 բանաձեւին վրայ», ըսաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: «Կարիքը ունինք յաւելեալ բանակցութիւններու, յաւելեալ այցելութիւններու, յաւելեալ երկխօսութեան եւ յաւելեալ դիւանագիտութեան, ոչ նուազին: Պէտք է մեր դիւանագէտներուն արտօնենք դիւանագէտներ ըլլալ: Պէտք է թիւ 190 բանաձեւը որդեգրենք», ըսաւ ան:
Քոնկրեսական Ֆրանք Փալոն ամէնէն շատ Արցախ այցելած ամերիկացի օրէնսդիրն է: