«Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» Շքանշան՝ Բարերար Բժիշկ Կարօ Դերձակեանին
03 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Սեպտեմբեր 30-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Հայաստանի մէջ բժշկութեան յառաջընթացի եւ զարգացման գործին մէջ իր մեծ վաստակին, ինչպէս նաեւ հայրենանուէր, եկեղեցասէր ու ազգաշահ իրագործումներուն համար, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ “Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ” պատուոյ բարձր շքանշանը յանձնուեցաւ բարերար, բժիշկ Կարօ Դերձակեանին (Քալիֆորնիայէն):
Մեծարեալի կեանքին եւ ազգանուէր գործունէութեան անդրադարձաւ Մայր Աթոռի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն Արթուր Գրաբսկի:
Ապա «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեան ընթացքին բերուեցաւ Հայրապետական կոնդակը, որ ընթերցուեցաւ Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեանի կողմէ:
Ապա, վեհափառը մեծարեալին յանձնեց պատուոյ շքանշանը:
Իր շնորհակալական խօսքին մէջ, Կարօ Դերձակեան, ընդգծելով, որ այս իրողութիւնը բժշկագիտութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան լաւագոյն ապացոյցներէն է եւ երախտագիտութիւն յայտնեց կաթողիկոսին իրեն այս պատիւին արժանացնելուն համար:
Այնուհետեւ, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան “Նոր Անուններ” ծրագիրի պատանիները:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վեհափառին օրհնութեան խօսքով:
yerakouyn.com/2019/10/03/սուրբ-սահակ-սուրբ-մեսրոպ-շքանշան՝-բ/