«Շրջանին Մէջ Տիրող Քաոսին Պատասխանատուն Ան Է, Որ Եմէնի Մէջ Պատերազմ Շղթայազերծեց» Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Շրջանին Մէջ Տիրող Քաոսին Պատասխանատուն Ան Է, Որ Եմէնի Մէջ Պատերազմ Շղթայազերծեց» Կ՛ըսէ Ռուհանի

03 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպան փորձած են Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար քննարկել Եւրոպայի` հիւլէական համաձայնութենէն դուրս գալուն նման այլ բեմագրութիւն մը` նշելով. «Մեզի համար միեւնոյնն է, եթէ Եւրոպան մնացած է կամ դուրս եկած հիւլէական համաձայնագիրէն, այնքան ատեն որ տէր չի կանգնիր իր յանձնառութիւններուն:

«Ոմանք կ՛ուզեն Իրանի դէմ ամբաստանութիւններ արձակել եւ քաոսը մեզի վերագրել, սակայն շրջանին մէջ քաոսին ետին կանգնողը ան է, որ Եմէնի մէջ պատերազմ շղթայազերծեց», ըսաւ Իրանի նախագահը:

Ան նշեց, որ իր երկիրը բանակցութիւններէն չի խուսափիր: «Եւրոպան մեզի փոխանցեց Ամերիկայի պատրաստակամութիւնը մեր նախապայմաններուն համաձայն գտնուելու, երբ Թրամփ պատժամիջոցները կ՛աւելցնէր, ուստի առարկեցինք», ըսաւ Ռուհանի:

«Ճամբան տակաւին չէ փակուած, արդարեւ, Եւրոպան եւ ուրիշներ կը շարունակեն իրենց առաջարկները ներկայացնել, իսկ մենք պատրաստ ենք մեր ժողովուրդի շահին համար ամէն բան ընելու», յայտնեց Իրանի նախագահը:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրանսայի նախագահին Նիւ Եորքի մէջ իր թափած ջանքերուն համար: Մենք գործակցեցանք, սակայն այդ ջանքերը խանգարողը Սպիտակ տունն էր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Բանակցութեան ֆրանսական ծրագիրը Իրանի համար ընդունելի էր, թէկուզ մանրամասնութիւններուն շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունէր»:

«Եւրոպացիները ըսին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը պատրաստ է աշխատելու ֆրանսական ծրագիրի ծիրին մէջ, սակայն մենք երաշխիքներ պահանջեցինք», յայտնեց Ռուհանի` նշելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահը պէտք էր Իրանի դէմ պատժամիջոցներուն վերջ տալուն իր համամտութիւնը յայտարարէր հրապարակաւ եւ ոչ թէ անձնական պատգամներու մէջ»:

Միւս կողմէ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի երէկ յայտարարեց. «Պիտի շարունակենք հիւլէական համաձայնագիրին հիմամբ մեր ստանձնած յանձնառութիւնները լրջօրէն նուազեցնել»:

Reliefs on the ruined 12th century Teghenyats Monastery, Armenia

aztagdaily.com/archives/460280

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail