«Սէուտական Արաբիան Իրանեան Վարչակարգին Հետ Եմէնի Մասին Չէ Խօսած Եւ Պիտի Չխօսի» Կ՛ըսէ Ժուպէյր
03 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց. «Իրանեան վարչակարգի բանբեր Ալի Ռապիհիի այն խօսքը, թէ Սէուտական Արաբիան իրանեան վարչակարգին նամակներ յղած է, ճշգրիտ չէ: Պատահածը այն է, որ եղբայրական երկիրներ ջանացին կացութիւնը հանդարտեցնել, եւ մենք անոնց ըսինք, թէ Սէուտական Արաբիան միշտ կը ձգտի շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման:
«Անոնց նաեւ յայտնեցինք, որ հանդարտեցումը պէտք է կատարուի մագլցում կատարող եւ շրջանին մէջ իր թշնամական գործունէութեան ճամբով քաոս տարածող կողմէն: Անոնց յայտնեցինք իրանեան վարչակարգին նկատմամբ մեր կեցուածքը, որ միշտ բոլոր բեմահարթակներէն յստակօրէն կը յայտարարենք: Վերջինը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին էր»:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց. «Անոնք, որոնք 5 տարիէ ի վեր եմէնցի անիրաւուած ժողովուրդը կը ռմբակոծեն, իրենք կը կանգնին շրջանին մէջ տիրող կացութեան ետին»:
aztagdaily.com/archives/460297