«Մարդասէր» Էրտողան Գաղթականներու Տագնապը Դարձեալ Կը Դնէ Սակարկութեան Սեղանին Վրայ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

«Մարդասէր» Էրտողան Գաղթականներու Տագնապը Դարձեալ Կը Դնէ Սակարկութեան Սեղանին Վրայ

03 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի արտասանած ճառը, Սեպտեմբերի վերջին օրը, առաջին ակնարկով կը ներկայանայ մարդասիրական եւ իրաւազրկուած ժողովուրդներու պաշտպանի շղարշով, սակայն Թուրքիոյ եւ նոյնինքն Էրտողանի պատմութեան ծալքերուն քիչ թէ շատ ծանօթ մարդիկ վստահաբար տեսան, որ այդ դիմակը կարողութիւնը չունի ծածկելու Թուրքիոյ պետութեան ու անոր վարիչներուն ոճրային վարքագիծը, ըլլա՛յ ներքին բեմին վրայ, ըլլա՛յ դրացի ու հեռուն ինկող ժողովուրդներու հետ յարաբերաբար։

Էրտողան յայտնապէս հմայած է… իր կողմէ վճարուող կարգ մը մեկնաբաններ, որոնք սուրիացի գաղթականներուն, Աֆղանիստանի, Քաշմիրի, Միանմարի ռոհինճիաներուն եւ մինչեւ իսկ պաղեստինցիներուն մասին անոր արտայայտութիւններուն մէջ տեսան Թուրքիոյ «մարդասիրական դիմագիծը», աւետեցին, որ Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ կարեւոր շրջադարձ մը տեղի կ՛ունենայ։ Մինչդեռ, ոեւէ խելամիտ մարդ, որուն յիշողութիւնը չէ սահմանափակուած քանի մը օրով, այլ կը տարածուի Էրտողանի ճառը կանխող ամիսներուն ու տասնամեակներուն վրայ, պիտի տեսնէ, թէ որքա՜ն խաբուսիկ է Թուրքիոյ նախագահին «մարդասիրութիւնը», որքա՜ն երկար է անոր ու նախորդներուն ոճրային վարքագիծը, որ տիպար օրինակ է ժողովուրդներու եւ մարդկութեան դէմ պետական ոճիրներու։

Կանգ առնենք ճառին մեզ շահագրգռող կէտերուն վրայ, մէկդի ձգելով Աֆղանիստանը, Քաշմիրն ու ռոհինճիաներու տագնապը (ուր կատարուած մատնանշումները կրնան որոշ չափով արդարացի ըլլալ, սակայն զերծ չեն սակարկողի տրամաբանութենէ եւ դիմակէ)։

Էրտողան կ՛առաջարկէ իր հողերուն վրայ ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն համար 20 քլմ. լայնքով «ապահովութեան գօտի» մը ստեղծել Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին ամբողջ երկայնքին, որոշ տեղ այդ »գօտին« մինչեւ Տէր Զօր հասցնելու յաւակնութեամբ։ Նման ծրագիրով, Էրտողան բացայայտօրէն կ՛առաջադրէ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը, չըսելու համար գրաւումը տարածել Սուրիոյ հիւսիսային գօտիին մէջ, ուր կան… քարիւղի հանքեր, հաշուեյարդարի ենթարկել Թուրքիոյ մէջ իր բռնարարքներուն դէմ ծառացող քիւրտերն ու անոնց յենարան հանդիսացող՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան գօտիին մէջ տիրական ուժ դարձած քիւրտերը. սա աղաղակող ոտնակոխում է Սուրիոյ հողերու ամբողջականութեան սկզբունքին, որուն ի նպաստ կ՛արտայայտուին շրջանի ու աշխարհի բոլոր ուժերը, մինչեւ իսկ նոյնինքն… Էրտողան։ Այլ խօսքով, »ապահովութեան գօտ«ջի մը ստեղծումը վկայութիւն է Էրտողանի ղեկավարած Թուրքիոյ երկդիմի վարուելակերպին ու անկարող է ծածկել Սուրիոյ եւ քիւրտերուն հանդէպ Անգարայի վաղեմի թշմանանքը։ Կարելի է բանալ նաեւ Իրաքի քիւրտերուն հանդէպ թշնամանքի էջը…

Էրտողանի այս ու նախընթաց արտայայտութեանց մէջ, ակներեւ է գաղթականներու տագնապը սակարկութեան սեղանին դնելու շահադիտական-փերեզակային վարքագիծը։ Պէտք չէ մոռնալ, կարելի՛ չէ անտեսել այն անմարդկային միջամտութիւնները, զորս Թուրքիա կատարած է ու կը շարունակէ Սուրիոյ (եւ արաբական այլ երկիրներու, մինչեւ իսկ… Չինաստանի) մէջ, զօրակցելով իբրեւ կրօնամոլ ճանչցուած ոճրային-ահաբեկչական խմբակներու, որոնք ո՛չ միայն տուեալ երկիրներուն պաշտօնական իշխանութիւններուն դէմ ոտնձգութիւններու գործիք են, այլ նաեւ ուղղակի պատճառ դարձած են գաղթականներու ալիքներուն։ Թուրքիա յաճախ կը սպառնայ իր հողերուն վրայ ապաստան գտած գաղթականները Սուրիա վերադարձնել, կամ՝ »արտածել« դէպի եւրոպական երկիրները, եթէ »անոնց հոգացման համար« հսկայական գումարներ չտրամադրուին իրեն։ (Ոեւէ լրագրող կամ պետական սպասարկութիւն արդեօք փորձա՞ծ է եւրոպական այս կամ այն երկրի գաղթակայաններուն մէջ ծագած խռովութիւններուն ու բողոքի արարքներու ետին փնտռել նա՛եւ Թուրքիոյ մատը…)։

Եւ աշխարհը, քաղաքակիրթ ու մարդասէր երկիրները երբեմն կը փորձեն բարեմիտ ու մարդասիրական տրամադրութիւններով դիտել Սուրիայէն ու այլ երկիրներէ գաղթական դարձած զանգուածներուն ողբերգութիւնները (ըստ ՄԱԿի վիճակագրութեանց, այսօր, աշխարհի մէջ կան շուրջ 71 միլիոն գաղթական ու տեղահանուած, ըստ այլ տուեալներու, այս թիւը անցած է 100 միլիոնը…), սակայն լուրջ քննարկում չի կատարուիր բռնագաղթերու իսկական պատճառներուն, տագնապներ հրահրողներուն (ինչպէս՝ Թուրքիա) »բարեմիտ գործունէութեան« եւ արմատներու դարմանումին մասին։

***

Անցնինք «պաղեստինցիներու դատին պաշտպան»ի էրտողանեան յաւակնութիւններուն, որոնք կրնան պոռոտախօսութեան տիպար օրինակ ըլլալ։

Թուրքիոյ համար նորութիւն չէ խօսքի աճուրդը՝ արաբական աշխարհը սիրաշահելու համար, իսկ այդ աճուրդին մէջ, պաղեստինցիներու դատը յաճախ կ՛օգտագործուի իբրեւ »շահաբեր դրամագլուխ«։

Ոեւէ իրազեկ դիտողի համար, դժուար չէ տեսնել, թէ Թուրքիա եւ Իսրայէլ շահակից-լծակիցներ են Միջին Արեւելքի մէջ, կը հետեւին բռնատիրական եւ դրացիներէն հողեր խլելու միեւնոյն վարքագիծին։ Եգիպտոսի, Սուրիոյ ու Իրաքի պէս երկիրներ բաց աչքերով կը տեսնեն այս իրականութիւնը, իրենց մորթին վրայ կը զգան հետեւանքները։

Անդին, ընտրապայքարի ելած Նեթանիահու մը երէկ շահող խաղաթուղթի կ՛ուզէր վերածել պաղեստինեան նոր հողամասեր բռնագրաւելու իր ծրագիրը, երբ արդէն ամերիկեան օրհնութեամբ «կուլ տուած» է Կոլանը եւ պաղեստինեան որոշ հողամասեր, իսկ Թուրքիա անկէ առաջ Սուրիայէն խլած է Ալեքսանտրէթը…։ Դրացիներէն, նա՛եւ մեզմէ՝ հայերէս հողեր բռնագրաւելու Թուրքիոյ քայլերը ունին երկար եւ անվիճելի պատմութիւն։ Թուարկումը աւելորդ է այս սիւնակին մէջ։

Եւ ահա, աշխարհին կը հրամցուին մերթ՝ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ »թշնամական կեցուածքը«, ի նպաստ պաղեստինցիներուն, երբեմն ալ Սէուտական Արաբիոյ հետ ոչ-բարեկամական ելոյթները, օրինակ՝ Խաշոկճիի ծանօթ հարցին առիթով։

Մինչդեռ, Էրտողանի ու նախորդներու Թուրքիան հետեւողականօրէն ճնշած է թուրք եւ քիւրտ ընդդիմադրութիւնը, Հրանդ Տինքի մը կամ նման այլախոհներու դէմ ոճրային արարքները կը մնան բաց ու անհետեւանք քննութեան առարկայ, մինչեւ անգամ ոճրագործներ կը հերոսացուին, շիրակեաններու եւ թեհլիրեաններու պէս արդարահատոյցներու կողմէ պատմութեան գերեզմանը ղրկուած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները յարութիւն կ՛առնեն ու անոնց »հերոսութիւններուն« կրկնութեան բացայայտ ու քողարկուած սպառնալիքներ կ՛ուղղուին մեզի՝ հայերուս, կամ բռնադատութեան ենթակայ այլ ժողովուրդներու։

Այդ հերոսապատումները իբրեւ օրինակ կը մատուցուին ազերի ոճրագործներու, որոնք նմանապէս կը հերոսացուին Պաքուի մէջ…

Այս բոլորէն ետք, ինչպէ՞ս կարելի է մարդասիրութեան ու արդարամտութեան նշոյլներ տեսնել Էրտողաններու խօսքերուն ու գործերուն մէջ։

Բայց… նաեւ կարելի՛ է տեսնել, երբ կարգ մը մեկնաբաններ ու »պատմաբաններ« գործածեն Թուրքիոյ կողմէ վճարուած ակնոցներ։

Պէ՞տք է յիշեցնել, որ սա հին-նոր մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կը դնէ Հայաստանի դիւանագիտութիւնն ու մեր Դատին սպասարկողները, մեզ առաջնորդելով դէպի հայութիւնը ի՛սկապէս շահագրգռող լրջագոյն բեմեր, հարկադրելով «ներքին գզուըրտուքներ»ու նսեմացումը եւ գործակցութեան դաշտեր բանալով ճակատագրակիցներու հետ։

asbarez.com/arm/354657/Մարդասէր-Էրտողան-Գաղթականներու-Տա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail