Դաշնակցական մեր ընկերոջ՝ Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան թղթածրարը պիտի վերաբացուի

ARARAD MASIS ARMENIA Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Դաշնակցական մեր ընկերոջ՝ Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան թղթածրարը պիտի վերաբացուի:

01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐՈՒԱՅ ՍԼԱՔ:

ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ

18 տարի առաջ, 24 Սեպտեմբերին, Երեւանի »Առագաստ« սրճարանին մէջ, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին այս բառերով բարեւելուն համար, նախագահի թիկնապահներուն կողմէ գազանաբար ծեծի ենթարկուած եւ մահացած դաշնակցական մեր ընկերոջ՝ Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան թղթածրարը պիտի վերաբացուի: Երեւանի դատախազութիւնը որոշած է վերաբանալ քրէական այս գործը, քննելէ ետք ոճիրին ականատես անգլիացի Սթիվըն Ճոն Նիւթընի վկայութեան յայտարարագիրը:

Փետրուար 2002ին տեղի ունեցած դատավարութեան իբրեւ արդիւնք՝ ամբաստանեալ Աղամալ Յարութիւնեան »անզգուշաբար« սպաննած ըլլալով Պօղոսեանը՝ դատապարտուած էր երկու տարուան բանտարկութեան: Օրին, սակայն, այս պատիժը չէր գործադրուած եւ փոխուած էր մէկ տարուան փորձաշրջանի (probation): Ըստ դատախազութեան՝ Սթիվըն Նիւթընի վկայութեան մանրամասնութիւնները ի յայտ բերած են, որ Աղամալ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ ինքնութիւնը անյայտ այլ անձեր «անզգուշութեամբ» չէ որ սպաննած են Պօղոսեանը այլ՝ դիտաւորեալ գազանութեամբ ծեծի ենթարկելով զայն:
Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան հետ կապուած իրերու այս զարգացումը հաւանաբար պիտի աւելի բարդացնէ Մարտ 1ի գործով գխաւոր մեղադրեալ երկրորդ նախագահ Քոչարեանի կացութիւնը: Ասիկա, սակայն, մեր վերջին մտահոգութիւնն է: Թող դատախազութիւնը ապացուցէ Քոչարեանի մեղսակցութիւնը այս զազրելի ոճիրին եւ անոր յաջորդած դատավարութեան թաքուն ծալքերուն ընդմէջէն, եթէ, անշուշտ, կան այդպիսի փաստեր: Ասիկա չէ մեր խնդիրը, ոչ ալ այն՝ որ կ՛ուզենք քաղաքական խորք կամ մեկնաբանութիւն տալ քրէական այս գործը վերաբանալու մտադրութեան: Մեր խնդիրը 18 տարիով յապաղած արդարութեան վերականգնումն է հրէշաբար սպաննուած մեր ընկերոջ նկատմամբ: Ասիկա պահանջն է մեր յանգուցեալ ընկերոջ ընտանիքին, եւ անտարակոյս՝ ասիկա պահանջն է նաեւ Պօղոսեանի գաղափարական ընտանիքին:

Վստահ ենք, որ Հայաստանի մեր կուսակցական մարմինները ամենայն խստապահանջութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ պիտի հետեւին այս գործին, առիթ չտալու համար, որ ուշացած արդարութիւնը անգամ մըն ալ ուշանայ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ

asbarez.com/arm/354572/Պրիվետ-Ռոպ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail