Նաղդալեան. «Ազրպէյճանի Առաւելապաշտական Դիրքորոշումը Հիմնական Վտանգ Է Խաղաղութեան Հոլովոյթին Համար»

Armenian foreign ministry spokeswoman Anna Naghdalyan

Նաղդալեան. «Ազրպէյճանի Առաւելապաշտական Դիրքորոշումը Հիմնական Վտանգ Է Խաղաղութեան Հոլովոյթին Համար»

05 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան արձագանգեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին` դիտել տալով, որ անոր խօսքին մէջ որեւէ նորութիւն չկայ:

«Ազրպէյճանի որդեգրած առաւելապաշտական դիրքորոշումը, որ մշտական եւ հիմնական վտանգ կը հանդիսանայ խաղաղութեան հոլովոյթին, կը շարունակէ անփոփոխ մնալ` հակառակ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք կ՛ենթադրէին ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստում: Այդ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու յանձնառութիւնը աւելի գործնական հարթութիւն բերելու նպատակին ուղղուած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ առաջարկուած բանաձեւը, որուն համաձայն` հանգուցալուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Այս բանաձեւը ուղղուած է բոլոր կողմերուն համար փոխզիջումներու գաղափարը ընդունելի դարձնելուն, խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման գործին մէջ հասարակութիւններու ներգրաւումին, ինչպէս նաեւ իրենց ժողովուրդներուն առջեւ ղեկավարներու պատասխանատուութեան եւ հաշուետուողականութեան ամրագրումին», նշեց ան:

Նաղդալեան դիտել տուաւ, որ, պատասխանելով հայկական կողմին այս առաջարկին, Ազրպէյճանի նախագահը որեւէ յղում չկատարեց շրջանի ժողովուրդներուն համար խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան, այլ նոյնիսկ կասկածի տակ դրաւ սեփական պատմական հայրենիքին մէջ ապրող Արցախի ժողովուրդին գոյութեան փաստը:

Ըստ բանբերին, Ղարաբաղի տագնապին մէջ իր առաւելապաշտական մօտեցման հիմնաւորման համար Ազրպէյճան մնայուն կերպով ի գործ դրած է Արցախի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ապամարդկայնացման հռետորաբանութիւն: «Այդ ապամարդկայնացման դրսեւորումներէն են Ազրպէյճանի նախագահի կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի ներումը եւ հերոսացումը, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ապրիլեան յարձակումներուն ժամանակ խաղաղ բնակչութեան եւ զինուորներու հանդէպ իրականացուած վայրագութիւնները, Արցախի` Ազրպէյճանի բռնատիրութեան տակ գտնուող տարածքներու հայաթափումը եւ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ հայկական պատմական ներկայութեան եւ հետքի վերացումը», նշեց Նաղդալեան:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Ազրպէյճանի առաւելապաշտական մօտեցումները եւ Արցախի ժողովուրդին ապամարդկայնացումը անվտանգութեան գոյաբանական սպառնալիք կը հանդիսանան Արցախի ժողովուրդին համար:

Ազրպէյճանի տարածքին մէջ հայկական պատմական ներկայութեան եւ հետքի վերացումը

Ազրպէյճանի տարածքին մէջ հայկական պատմական ներկայութեան եւ հետքի վերացումը

aztagdaily.com/archives/460564

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail