Նաղդալեան. «Ազրպէյճանական Կողմը Պէտք Է Ձեռնպահ Մնալ Որեւէ Սադրիչ Գործողութենէ»
07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորապէս մտահոգուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիսային հատուածին մէջ իրադրութեան լարումով եւ կը դատապարտէ իրավիճակի միտումնաւոր սրման ուղղուած քայլերը, այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան, Նաղդալեան նշած է, որ վերջին դէպքերուն ընթացքին զոհուած է Հայաստանի զինուած ուժերու մէկ եւ վիրաւորուած են երեք զինուորներ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն ու հարազատներուն, եւ արագ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւոր զինուորներուն:
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մնայուն համակարգումի մէջ է պաշտպանութեան նախարարութեան հետ: Գործի դրուած են բոլոր կարելի միջոցները` լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ: Վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու 20 յունիս 2019-ի յայտարարութիւնը` հայկական կողմը կը պնդէ, որ ազրպէյճանական կողմը պէտք է ձեռնպահ մնայ որեւէ սադրիչ գործողութենէ, ներառեալ` հայ-ազրպէյճանական միջազգային սահմանի երկայնքով ռազմական ամրաշինական, ճարտարագիտական աշխատանքներու իրականացումէն եւ անոնց մէջ ենթադրեալ քաղաքացիական անձերու ներգրաւումէն», ըսած է Նաղդալեան:
Ան նշած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջնային կը նկատէ իրադրութեան հետագայ լարուածութեան նուազեցումը, զինադադարի ամրապնդման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկումը, ինչ որ խաղաղ լուծման կարեւոր մասն է:
aztagdaily.com/archives/460738