WCIT Նուագախումբը Ազդարարեց Երեւանի Մէջ Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու Համաշխարհային Համաժողովին Սկիզբը
07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի շրջագիծին մէջ ստեղծուած WCIT նուագախումբը ազդարարեց Երեւանի մէջ WCIT-2019 համաժողովի սկիզբը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, 6 հոկտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ընթացող համերգային երեկոյին ելոյթ ունեցաւ նաեւ աշխարհահռչակ «Տի.Ճէյ.» Արմին վան Պուրենը:
Համերգին ներկայ եղած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Նուագախումբի երաժիշտները կը ներկայացնեն այն երկիրները, որոնք նախապէս հիւրընկալած են տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովները: Աննախադէպ ձեւաչափ ունեցող նուագախումբի համերգային ծրագիրին մէջ ներառուած են համաժողովը հիւրընկալած երկիրները խորհրդանշող երաժշտական գործեր, հայ երաժիշտներու եւ յօրինողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն կազմուած շարք:
WCIT համաշխարհային նուագախումբի ստեղծման գաղափարը կը պատկանի Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկեյ Սմբատեանին, որ նաեւ կը ղեկավարէ խումբը, եւ կեանքի կոչուած է WCIT-2019 կազմակերպիչներու աջակցութեամբ:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ընթացող համերգին ներկայ էին WCIT-2019 համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան հասած հիւրերն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի ամէնէն հեղինակաւոր իրադարձութեան Հայաստանը կը ներկայանայ մեծ նախագիծով, աննախադէպ նորարարութեամբ` տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համայնքի առանցքային գործիչներուն ցոյց տալով, որ նոր գաղափարներ յղացող երկիր է:
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 6-էն 9 հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ, կը հիւրընկալուի կառավարութեան բարձր հովանիին ներքեւ եւ աջակցութեամբ:
aztagdaily.com/archives/460735