Ուաշինկթըն Կ՛արձագանգէ Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութեան Սկսելու Թուրքիոյ Ծրագիրին
07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու սկսած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ` Սուրիոյ հիւսիսը թրքական զօրքերու զինուորական գործողութեան նախապատրաստման լոյսին տակ անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր:
Փենթակոնի ղեկավարը պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ուաշինկթըն կը ծրագրէ՞ իր ուժերը հեռացնել Սուրիայէն, երբ Թուրքիան լայնածաւալ ներխուժումի սկսի, ըսաւ. «Այժմ մենք կեդրոնացած ենք Սուրիոյ հիւսիսը` հիւսիս-արեւելքին մէջ անվտանգութեան մեքանիզմի աշխատանքի ապահովման վրայ»:
«Ես երէկ երկար զրոյց ունեցայ իմ գործընկերոջս` պարոն Աքարի հետ, եւ ատիկա անմիջական քննարկման նիւթ էր», յայտնեց Էսփըր` աւելցնելով, որ զրոյցի ընթացքին անվտանգութեան մեքանիզմներ մշակելու կոչ ուղղած է:
Ինչ կը վերաբերի ներկայ գործակցութեան, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը յիշեցուցած է Թուրքիոյ հարաւը միացեալ կեդրոնի գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ օդային ու ցամաքային միացեալ հսկողութեան աշխատանքի ապահովումը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարած էր, թէ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ «խաղաղութեան հաստատման համար» օդային ու ցամաքային գործողութիւններ պիտի կատարէ:
«Ամբողջացուցինք պատրաստութիւնները, եւ գործողութիւնները այլեւս շատ մօտալուտ են, եւ կրնանք ըսել, որ անոնք պիտի սկսին այսօր կամ վաղը: Այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ ցուցմունքները տուինք», յայտնեց Էրտողան:
«Անոնց, որոնք մեր երկիրը ահաբեկչական կազմակերպութենէն հեռու պահելու համար մեր երեսին կը ժպտին ու դիւանագիտական խօսքերով ձգձգում կը կատարեն, կ՛ըսենք` խօսքը վերջ գտաւ», աւելցուց ան` ակնարկելով ամերիկացիներուն:
«Մեր խօսակիցներուն Եփրատի արեւելեան ափին վերաբերեալ բոլոր զգուշացումները յղեցինք, բաւական համբերատար էինք, եւ տեսանք, թէ ցամաքային ու օդային միացեալ հսկողութիւնները պարզապէս խօսքեր են», աւելցուց ան:
«Մեզի անկեղծօրէն ըսէ՛ք, Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները, որոնց Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր անունին տակ կը ծածկէք, ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը կը նկատէ՞ք, թէ՞ ոչ», իր դաշնակիցներուն հարց տուաւ Էրտողան:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը իրենց կարգին պատասխանեցին Էրտողանին` յայտարարելով, թէ` «մենք մեզ պիտի պաշտպանենք թրքական անարդարանալի որեւէ յարձակումէ»` շեշտելով. «Պիտի չտատամսինք թրքական որեւէ յարձակում սահմանին վրայ ամբողջական պատերազմի վերածելու»:
aztagdaily.com/archives/460764