«Ատանայի Համաձայնութիւնը Թուրքիոյ Անվտանգութիւնը Ապահովող Միակ Միջոցն Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ
07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, թէ իր երկիրը Թուրքիոյ յայտնած է, որ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը ապահովելու միակ միջոցը Ատանայի համաձայնութեան հիմամբ իր զինեալ ուժերը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայելն է:
Զարիֆ նշեց, որ անվտանգութիւնը զօրքերու կուտակումով չէ` աւելցնելով, որ Իրան պատրաստ է գործակցելու սուրիական ու թրքական կառավարութիւններուն հետ` միջազգային օրէնքներուն հիմամբ լուծելու համար անոնց միջեւ առկախ հարցերը:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Թեհրան լրջօրէն կը հետեւի Տիգրիսի եւ Եփրատի վրայ ամբարտակներու կառուցման վերաբերեալ թրքական քայլերուն:
aztagdaily.com/archives/460753