Փիոնկիանկ. «Ուաշինկթընի Հետ Բանակցութիւնները Ձախողեցան»

Փիոնկիանկ. «Ուաշինկթընի Հետ Բանակցութիւնները Ձախողեցան»

07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հիւսիսային Քորէայի աւագ բանագնացը յայտարարեց, թէ իր երկրին ու Միացեալ Նահանգներուն միջեւ Շուէտի մէջ հիւլէական թղթածրարին շուրջ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ձախողած են:

Հիւսիսային քորէացի բանագնացը աւելցուց, որ բանակցութիւնները չեն բաւարարած Փիոնկիանկի ակնկալութիւնները:

Ան շեշտեց, որ Հիւսիսային Քորէա յուսախաբ է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու սեղանին վրայ ոչինչ դրած է:

Հիւսիսային Քորէայի աւագ բանագնացը յայտնեց, որ Փիոնկեանկի կողմէ թեւաւոր հրթիռներու փորձարկումները վերսկսելու որոշում տալը կամ չտալը կախեալ է Ուաշինկթընէն:

Մինչ այդ, Ուաշինկթըն յայտարարեց, թէ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Հիւսիսային Քորէայի հետ «լաւ բանակցութիւններ» տեղի ունեցած են:

լիճ-Գոշի լիճ Արեգունի լեռների հյուսիսային հատված, 1430 մ բարձրության վրա

aztagdaily.com/archives/460754

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail