Ծինային Հետազօտութեան Ենթարկուող Թուրքերուն Մէկ Մասը Հայկական Ծագում Ունի

Ծինային Հետազօտութեան Ենթարկուող Թուրքերուն Մէկ Մասը Հայկական Ծագում Ունի

07 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ծննդաբանական (DNA -ի) հետազօտութիւն կ՛անցնին պարզելու իրենց նախնիներուն ծագումը: «Թուրքիոյ մէջ այդ քննութիւնը արգիլուած է, սակայն արտասահման մեկնած բազմաթիւ թուրքեր, ծինային հետազօտութիւն )genetic test (անցնելով՝ կը պարզեն, որ իրենց նախնիները հայեր, հրէաներ կամ կարմրամորթներ են»,- ըստ Ermenihaber-ի՝ կը գրէ ազատական ուղղուածութիւն ունեցող «Ahval» թրքալեզու կայքի վերլուծաբան Սիպել Էքին:

Այդպիսի հետազօտութիւն անցած մարդոց հետ զրուցած Էքինը կը պատմէ, թէ ինչպէս ծինային ուսումնասիրութեան քննութիւնը կը պատուիրեն. այդ ծառայութիւնը մատուցող ընկերութիւնները (Heritage, 23andme, Ancestry) յատուկ տուփ կ՛ուղարկեն, որուն վրայի թիւով պէտք է արձանագրուիլ ընկերութեան կայքին մէջ, ապա անձի թուքի նմուշով տուփը պէտք է ետ ուղարկել: Մէկ ամիս ետք պատասխանները կ՛ուղարկուին տրուած ելեկտրոնային հասցէին: Պատասխաններուն մէջ տեղեկութիւն կը տրուի, թէ պատուիրատուն որ ցեղէն կը սերի եւ այդ ցեղին պատկանող ինչ ազգականներ ունի: Յաւելավճարի պարագային կը տրուին նաեւ այլ տեղեկութիւններ, օրինակ` ինչ Ծինային մակարդակի վրայ ինչ հիւանդութիւն ունի տուեալ անձը:

Թուրքիոյ Պայպուրթ (պատմ. Բաբերդ) քաղաքին մէջ բնակող Կիւլ Չելիքը, որ արտասահմանի մէջ այդ հետազօտութիւնը պատուիրած է, հեղինակին պատմած է, որ իր տոհմածառին մէջ յայտնաբերուած է մոնկոլական ծին, որուն 1600-ականներուն աւելցած են իտալական, 1700-ականներուն` հրէական, 1800-ականներուն` հայկական, իսկ յետոյ նաեւ յունական ծիներ:

«Մենք Պայպուրթէն ենք, սակայն քննութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայ ենք: Ըստ քննութեան բաւականաչափ իտալական ու յունական արիւն ալ կայ մեր մէջ: Մօրական տատիկիս հարցուցի, թէ արդեօք մենք հա՞յ ենք, տատիկս հրաժարեցաւ, ըսաւ` չկայ այդպիսի բան: Մեր ընտանիքին մեծերը չուզեցին հաւատալ քննութեան արդիւնքներուն, ըսին, որ իրենք տեղեակ չեն իրենց հայկական ծին մասին: Ես անոնց ըսի, որ ատիկա գիտական քննութիւն է, սակայն անոնք ցանկութիւն չունեցան լսելու զիս»,- պատմած է Չելիք:

Ան ըսած է նաեւ, որ իր ամուսինն ալ պարզած է, որ յունական ծագում ունի, սակայն երբեք ընտանիքին մէջ իրենց յոյն ըլլալու մասին որեւէ բան չէ լսած, յոյն ազգականներ չունի ու մեծցած է որպէս իսլամ թուրք:

Թուրքիոյ մէջ ապրող ուսողութեան փրոֆէսոր մըն ալ, որ չէ ցանկացած իր անունը հրապարակել, պատմած է, որ ԱՄՆ-ի մէջ պատուիրած քննութեան արդիւնքով պարզած է, որ իր ընտանիքը նախ բնակած է Տրապիզոն, յետոյ` Արդուին, ապա` Ռիզէ, որմէ ետք նոր եկած են Սամսուն: Այշէ պայմանական անունով հանդէս եկող փրոֆեսորը նշած է, որ այդ հերթականութիւնը իրեն շատ զարմացուցած, քանի որ ինք իմացած է, որ իրենք Ռիզէէն են, սակայն աւելի ուշ իր ընտանիքին մեծերը հաստատած են, որ իրենց նախնիները Տրապիզոնէն են:

«Արդիւնքներէն իմացայ նաեւ նախնիներուս` որոշ ժամանակ Արդուին բնակելու մասին: Հիմա պարզ է, որ վրացական ծագումով տատիկս այնտեղէն է (ժամանակին Արդուինի մէկ մասը կը կազմէին վրացիները-խմբ.)»,- պատմած է Այշէն:

լիճ-Ծովեր լիճ Փամբակի լեռների հյուսիսային հատված, 1400 մ բարձրության վրա

yerakouyn.com/2019/10/07/ծննդաբանական-հետազօտութիւն-ենթարկու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail