«Ղարաբաղը Ատրպէյճան է, Չկայ Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդ». Ալիեւ

«Ղարաբաղը Ատրպէյճան է, Չկայ Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդ». Ալիեւ

04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սոչիի մէջ «Վալտայ» համախմբումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Արցախի տագնապին։ «Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը գրեն ատրպէյճանական կայքերը։

«Ես կ՛ուզէի անդրադառնալ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետին՝ զարմանք յառաջացնող «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վեր»ջ յայտարարութեան։ Նախ անիկա, մեղմ ըսելով, սուտ է։ Ղարաբաղը ամբողջ աշխարհին կողմէ, հաւասարապէս լեռնայինը, կը ճանչցուի իբրեւ Ատրպէյճանի անբաժանելի մաս», ըսած է ան։

Ալիեւ նշած է, որ Հայաստանն ալ չի ճանչնար «այդ անօրինական միաւորումը», եւ որ՝ «Ղարաբաղը ատրպէյճանական երկիր է»։

«Այնպէս որ, Ղարաբաղը Ատրպէյճան է», յայտարարած է Ալիեւ՝ նշելով, որ Ռուսիան «Վալտա» համախմբումի ծիրին մէջ արձագանգած է Արցախը Հայաստանին պատկանելուն վերաբերեալ հայկական կողմի յայտարարութիւններուն՝ ակնարկելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ելոյթին։

Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ խօսած է Փաշինեանի՝ տագնապի լուծումը երեք կողմերուն համար ընդունելի ըլլալուն մասին։ «Հայաստանի վարչապետը յաճախ կ՛ըսէ, որ հակամարտութեան լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներուն համար։ Պէտք է ըսեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի գաղափար գոյութիւն չունի։ Կայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւն, որ մինչեւ հակամարտութիւնը բաղկացած էր ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներէ, որոնք ունին հաւասար իրաւունքներ։

Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի համար տագնապի ընդունելի լուծումը տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումն է, որ «կը ճանչցուի ամբողջ աշխարհի կողմէ, գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու վերադարձն է իրենց բնօրրանը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղ։ Ատիկա համահունչ է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն եւ հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին», յայտարարած է Ալիեւ։

asbarez.com/arm/354688/Ղարաբաղը-Ատրպէյճան-է-Չկայ-Լեռնային-Ղ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail