Հայաստան-Սփիւռք Ամբողջացումը Եւ Համահայկական Օրակարգին Կենսագործումը
04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐՈՒԱՅ ՍԼԱՔ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի վարչապետին նկատմամբ ցուցաբերուած համաժողովրդական եւ համազգային-համակուսակցական ջերմ ընդունելութիւնը արժանի է խորքային անդրադարձի, քննարկումի եւ գնահատականի:
Շեշտել է պէտք խորքայինը, որովհետեւ ընթացիկ քաղաքական մեկնաբանութիւններն ու արժեւորումները արագ բոցավառող եւ նոյնքան արագութեամբ մարող յարդի պէս քանի մը օր համացանցն ու զանգուածային լրատուական միջոցները խճողեցին եւ գացին, մոռցուեցան:
Մակերեսի վրայ կիրքերը դարձեալ բորբոքուեցան՝ Նիկոլ Փաշինեանի թեր եւ դէմ զեղումներով:
Բայց մակերեսէն անդին՝ այցելութեան խորքային նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը քննարկողն ու գնահատողը վստահաբար նկատեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի Լոս Անճելըս այցելութիւնը ծառայեց շրջադարձային քայլ մը եւս նետելու եւ ամրապնդելու նպատակին՝ ի սպաս նոր Հայաստանի եւ նորոգեալ հայութեան ազգային-ռազմավարական համահայկական օրակարգի մը յստակացման ու կենսագործումին:
Սփիւռքի նախարարութեան պետական վարչամեքենայի լուծարումով եւ, փոխարինաբար, վարչապետին կապուած խորհրդատուի կարգավիճակով Սփիւռքի Յանձնակատարի կառավարական գրասենեակ մը կեանքի կոչելով՝ Նիկոլ Փաշինեան իր առաջին քայլերուն մէջ իսկ գլխացաւանքի մատնեց իր իշխանութիւնը:
Առաջին տպաւորութեամբ Սփիւռքի կարեւորութիւնը հարցականի տակ առնող քայլ նկատուեցաւ վարչապետին այդ նորամուծութիւնը, ինչ որ արդարացի մտավախութիւն եւ դժգոհութիւն յառաջացուց Սփիւռքի տարածքին՝ սփիւռքեան կառոյցներու ղեկավարութեանց կողքին մինչեւ իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ վեհափառ հայրապետին հրապարակային մտահոգութեան տեղիք տալով:
Հայաստան ծնած եւ Միացեալ Նահանգներու հայեցի միջավայրին մէջ կազմաւորուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Զարեհ Սինանեանի Սփիւռքի Յանձնակատար նշանակումը ազդանշան մը հանդիսացաւ՝ Հայաստանի վարչապետին պատկերացուցած Համահայկական Օրակարգին ռազմավարական ուղղութիւնը յստակացնելու առումով:
Լրացուցիչ երեք հարթութիւններով՝ նորանշանակ Սփիւռքի յանձնակատարին ազգային-քաղաքական դիմանկարը եկաւ շեշտելու, որ Նիկոլ Փաշինեանի համար Սփիւռք հասկացութիւնը կը համատեղէ աւանդական եւ նորակազմ սփիւռքները Հայաշխարհի: Թէ՛ նախաեղեռնեան, թէ՛ յետ-եղեռնեան եւ թէ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք յառաջացած սփիւռքները կը դիտուին մէկ ու համապարփակ ամբողջութեան մէջ:
Կասկածէ վեր է, որ Ամերիկայի տեղական կառավարման համակարգին մէջ յաջողած կենսափորձ ունեցող պետական գործիչ է Սփիւռքի անդրանիկ յանձնակատարը: Առնուազն Ամերիկայի հայութեան մտածելակերպին եւ հոգեկերտուածքին քաջածանօթ է եւ այսպէս կոչուած ազգային-աւանդական մեր կառոյցներուն եւ ղեկավար մարմիններուն հետ գործակցութեան յաջող ճամբայ կտրած է: Հետեւաբար, պատահական չէ, որ Հայաստանի վարչապետը յատուկ կարեւորութեամբ եւ առաջնահերթութեամբ ձեռնարկեց Լոս Անճելըս իր այցին:
Ահա խորքային այդ արժեւորումով լուսարձակի տակ պէտք է բերել թաւշեայ յեղափոխութեան գաղափարախօս առաջնորդին Լոս Անճելըս այցելութիւնը՝ Համահայկական Օրակարգի փաշինեանական ընկալումը յստակացնելու համար:
Անտեղի չէ ի սկզբանէ ճշդել, որ թէեւ Նիկոլ Փաշինեան տարբեր առիթներով, վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին, յղում կատարած եւ ընդհանրական սկզբունքներ առաջադրած է Համահայկական Օրակարգի իր պատկերացումին վերաբերեալ, այդուհանդերձ թաւշեայ յեղափոխութեան, իմա՝ «Սերժ»ով խորհրդանշուած կառավարման արատաւոր համակարգը մերժած ու տապալած ժողովրդային շարժման հիմքին կանգնած չէր նման օրակարգ:
Այս ճշդումը չի նշանակեր, որ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթարշաւին մէջ վճռորոշ չեղաւ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնական զօրակցութիւնը «Մերժի՛ր Սերժին» շարժումը յաղթանակով պսակելու յաջողութեան մէջ: Աշխարհով մէկ, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու տարածքին, Հայաստանի եւ հայութեան ապագայով տագնապող մեր ժողովուրդը, մանաւա՛նդ երիտասարդութիւնը, օրը օրին եւ ժամը ժամուն համացանցով մասնակից դարձան եւ զօրակցեցան թաւշեայ յեղափոխութեան: Բայց բոլորին ոտքի հանողն ու շարժման մէջ դնողը անկախ Հայաստանը ազատութեամբ՝ սեփական ժողովուրդին ցաւն ու երազանքը կիսող կառավարութեամբ օժտելն էր: Այդ յաղթարշաւը դեռ չէ հասած իր նպատակին եւ Նիկոլ Փաշինեան տակաւ առ տակաւ կը յանգի այն եզրակացութեան, որ թաւշեայ յեղափոխութեան վերանորոգ յառաջխաղացքին համար անխուսափելի է զօրաշարժը նաեւ Սփիւռքին:
Անմիջական կարիքը չկայ խորանալու վերլուծութեան մէջ այն խմորումներուն, որոնք աստիճանաբար կը շեշտեն հրամայականը համահայկական զօրաշարժին՝ պաշտպանելու համար ձեռքբերումները թաւշեայ յեղափոխութեամբ մեր ժողովուրդին նուաճած պատմակերտ ոստումին:
Ակներեւ ու փաստացի իրողութիւն է, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան փաշինեանական բնօրինակը մտավախութիւն կը յառաջացնէ յատկապէս սփիւռքահայութեան մօտ, որ յետ-խորհրդային դարաշրջանի փութինեան մենակալութեան հայաստանեան ուրուականին կը հետեւի ծանրագոյն անձկութեամբ, որովհետեւ կը սարսափի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի օրինակով մենակալները Նիկոլ Փաշինեանով շարունակուած տեսնելու ահաւոր մղձաւանջէն:
Որքան ալ հիմք չունենայ Փաշինեանի վերագրուած մենակալական նկրտումներուն վերաբերեալ ոմանց այսօրինակ մտավախութիւնը, այդուհանդերձ արհամարհելի չէ անձկութիւնը Դաշնակցութեան բեմերէն հնչող ահազանգներուն:
Հայաստանի վարչապետը գոնէ ինք կը գիտակցի, որ Սփիւռքի հայութեան հաւաքական ու քաղաքական կամքի զօրաշարժին մէջ վճռորոշ ներգործութիւն ունի Դաշնակցութիւնը: Առնուազն Զարեհ Սինանեանի օրինակով երիտասարդ գործիչները տարբեր վկայութիւն կամ խորհուրդ չեն կրնար տալ Հայաստանի վարչապետին:
Հետեւաբար, թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակին զօրակոչուած գործիչներուն համար, քաղաքական լուրջ մտահոգութեան ալիք կը բարձրացնեն փաշինեանական ճամբարէն յատկապէս Դաշնակցութեան հասցէին հնչող կարծր ու թունաւոր ցեխարձակումները:
Հայաստանի վարչապետին Լոս Անճելըս այցը, այս առումով, ուշագրաւ նախաձեռնութիւն մը հանդիսացաւ՝ յօգուտ թաւշեայ յեղափոխութիւնը Համահայկական Օրակարգի կիզակէտին պահելու եւ զարգացնելու փաշինեանական նախանձախնդրութեան:
Ոչ ոքի ուշադրութենէն վրիպեցաւ, որ Հայաստանի վարչապետը հետեւեալ բովանդակութեամբ դիմեց Դաշնակցութեան՝ 22 Սեպտեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի միացեալ պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին.
«ՀՅԴն Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքում բաւական աշխոյժ դերակատարում է ունեցել եւ ունի: Այդ դերակատարման ընթացքում միշտ չէ, որ ես համաձայն եմ եղել Դաշնակցութեան հետ, միշտ չէ, որ մենք համաձայնութիւն ենք ունեցել, բայց մեր համազգային նպատակների համատեքստում դա ոչ մի բան չի փոխում, որովհետեւ այն հարցերը, որոնց վերաբերեալ մենք այդքան էլ համաձայն չենք, այնքան էլ էական չեն, եթէ կան բազմաթիւ ռազմավարական բնոյթի հարցեր, որոնց շուրջ մենք համաձայն ենք: Ուստի շատ ուրախ եմ այսօրուայ հանդիպման համար: Ես այս ընթացքում էլ որոշակի շփումներ եմ ունեցել եւ միշտ էլ պատրաստակամութիւն եմ յայտնել, որպէսզի այս շփումները շարունակուեն եւ նոր իմաստ ստանան»:
Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական գործիչը կ՛անդրադառնայ, որ հին ու փտած համակարգը տապալելը, որքան ալ տիտանական նուաճում ըլլայ, տակաւին կը մնայ սկիզբը նոր ու ազատ Հայաստանի կերտումին:
Ճամբան երկար է ու քարքարոտ, իսկ Հայաստան եւ երկրի հայութիւնը անխուսափելիօրէն կարիքը ունին ողջ հայաշխարհի ամբողջ ներուժին՝ Ազգի եւ Հայրենիքի միակ ու անփոխարինելի պետական տունը անվտանգ, կայուն եւ բարգաւաճ վիճակով մեր սերունդներուն փոխանցելու համար:
Հայաստանի վարչապետը մինչեւ Լոս Անճելըս գնաց՝ Սփիւռքը հանգստացնելու համար, որ Հայաստան-Սփիւռք ամբողջացումը միակ ուղին եւ երաշխիքն է Համահայկական Օրակարգի կենսագործումին:
Օրակարգ՝ որ դեռ մշակուած ու նուիրագործուած չէ եւ չի կրնար կենսագործուիլ պատրաստի ու կաղապարուած պատասխաններով…
Օրակարգ՝ որ միայն հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքով կրնայ իր ռազմավարական հունը գտնել:
Համահայկական Օրակարգ՝ որուն ծանրութեան կեդրոնը ազատ ու անկախ Հայաստանն է, իսկ շարժիչ ուժը երկրագունդով մէկ տարածուած հայոց աշխարհն է՝ հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակներուն հայրենիք պահելու վճռակամութիւնն է:
asbarez.com/arm/354679/Հայաստան-Սփիւռք-Ամբողջացումը-Եւ-Համա/