«Ամերիկայի Հետ Անգամ Մը Եւս Բանակցութեան Սեղան Պիտի Չնստինք, Եթէ Իր Քաղաքականութիւնը Չփոխէ» Կ՛ըսէ Հիւսիսային Քորէա

«Ամերիկայի Հետ Անգամ Մը Եւս Բանակցութեան Սեղան Պիտի Չնստինք, Եթէ Իր Քաղաքականութիւնը Չփոխէ» Կ՛ըսէ Հիւսիսային Քորէա

08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ անգամ մը եւս բանակցութեան սեղան պիտի չնստի, եթէ Միացեալ Նահանգներ իրենց թշնամական քաղաքականութիւնը չփոխեն:

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն նոյն քաղաքականութիւնը կիրարկել եւ որեւէ նոր լուծում չբերին, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Քորէայի հետ բանակցութիւնները շահագործեցին` զանոնք օգտագործելով իրենց ներքին քաղաքականութեան մէջ», նշեց նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս յայտնած էր, որ իր երկիրը ընդունած է յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Հիւսիսային Քորէայի հետ Շուէտի մէջ բանակցիլ:

Հիւսիսային Քորէայի աւագ բանագնաց Քիմ Եոնկ Կիլ իր կարգին յայտնած էր, թէ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները ձախողած են, եւ անոնց շարունակութիւնը կախեալ է ամերիկեան կեցուածքէն:

լիճ-Գոգի լիճ Զանգեզուրի լեռնաշղթայի կենտրոնական հատված, 3200 մ բարձրության վրա

aztagdaily.com/archives/460894

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail