«Թրամփի Հետ Հանդիպումս Տեղի Պիտի Ունենայ Նոյեմբերի Առաջին Շաբթուան Ընթացքին» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թրամփի Հետ Հանդիպումս Տեղի Պիտի Ունենայ Նոյեմբերի Առաջին Շաբթուան Ընթացքին» Կ՛ըսէ Էրտողան

08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Սերպիա մեկնելէ առաջ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումս տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին»:

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հեռանալ Սուրիոյ հիւսիսէն, եւ այդ հեռացումը նորութիւն մը չէ, այլ որոշ ատենէ ի վեր կը շարունակուի», նշեց Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «Միացեալ Նահանգներ սկսան հիւսիսային Սուրիայէն հեռանալ, որոշումը տրուած է, եւ մէկէ աւելի անգամներ ըսած ենք, թէ կրնանք որեւէ պահու մուտք գործել (Եփրատի արեւելեան ափ)»:

Ինչ կը վերաբերի ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրին, որմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար հեռացուած էր Թուրքիան, Էրտողան ըսաւ. «Այդ հարցը երկարեցաւ: Կը յուսամ այդ հարցը կը վճռուի Թրամփի հետ հանդիպումի ընթացքին»:

լիճ-Արտավանի լիճ Արտավան գյուղի հյուսիսային-արևելք, 1970 մ բարձրության վրա

aztagdaily.com/archives/460899

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail