«Ամերիկեան Բանակը Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թրքական Զինուորական Գործողութեան Պիտի Չմասնակցի Կամ Չաջակցի» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը
08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սպիտակ տունը յայտնեց, որ թրքական բանակը մօտ օրէն մուտք պիտի գործէ հիւսիսային Սուրիա, եւ այդտեղ ամերիկեան բանակին մօտ արգելափակուած ՏԱՀԵՇ-ի անդամ գերիները Թուրքիոյ պատասխանատուութեան տակ պիտի ըլլան` նշելով. «ՏԱՀԵՇ-ի անդամ գերիները Թուրքիոյ յանձնելու որոշումը տրուած է Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ այլ եւրոպական երկիրներու` ՏԱՀԵՇ-ի անդամ իրենց քաղաքացիները ստանձնել մերժելնէն ետք»:
«Ամերիկեան բանակը պիտի չմասնակցի եւ պիտի չաջակցի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական գործողութեան», յայտարարեց Սպիտակ տունը:
Սպիտակ տան բանբեր Սթեֆընի Կրիշըմ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նաեւ նշեց. «Ամերիկեան ուժերը ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնած ըլլալով անմիջական շրջանին մէջ պիտի չըլլան»:
Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն իր կարգին յայտնեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներուն նպատակը սահմանը ահաբեկչական տարրերէն մաքրելն է եւ գաղթականներուն Սուրիա վերադարձը»:
Քալըն ըսաւ, թէ իր երկիրը տարածքներու ձեռքբերում չի հետապնդեր:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտնեցին, թէ թրքական մօտալուտ յարձակումը պիտի ականահարէ ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալու համար իրենց թափած ջանքերը եւ անապատին մէջ թաքնուած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն վերադարձը պիտի արտօնէ:
«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ ամերիկեան ուժերը իրենց ամբողջ սպառազինութեամբ հեռացած են Ռասուլ Այնի մէջ Թալ Արքամ ռազմակայանէն:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ամերիկեան ուժերը երէկ առաւօտ քիւրտերու ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն յայտնած են, թէ զիրենք թրքական յարձակումէն պիտի չպաշտպանեն: Պաշտօնատարը նաեւ նշած է, որ ամերիկեան ուժերը դատարկած են Թել Ապիատի եւ Ռասուլ Այնի մէջ հսկողութեան երկու դիրքեր:
Թրամփ մեկնաբանելով ամերիկեան ուժերու հեռացման լուրը ըսաւ. «Ժամանակն է մեր զինուորները տուն վերադարձնել… եւ դուրս գալու այդ անհեթեթ պատերազմներէն, որոնք վերջ չունին եւ անոնցմէ շատերը ցեղախմբային են»: «Եւրոպան, Ռուսիան, Սուրիան, Իրանը, Իրաքը եւ քիւրտերը պէտք է կարգաւորեն Սուրիոյ մէջ կացութիւնը, եւ թուրքերն ու քիւրտերը իրենց հարցերը իրարու միջեւ լուծեն մեր հեռանալէն ետք», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շեշտեց. «Ինչպէս նախապէս ուժեղ կերպով նշած եմ, այժմ կը կրկնեմ` եթէ Թուրքիան որեւէ քայլ առնէ, որ իմ մեծ ու աննման իմաստութեամբս նկատեմ չափը անցնող եւ արտօնելին շրջանցող, ամբողջովին պիտի քանդեմ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը եւ զայն ճզմեմ: Ատիկա ասկէ առաջ ըրած եմ»:
Փենթակոն իր կարգին նշեց. «Ամերիկան չ՛աջակցիր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութեան»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»¬ին յայտնեց. «Ամերիկան չ՛աջակցիր Սուրիոյ մէջ սպասուող թրքական գործողութեան, սակայն Թուրքիան կանգնեցնելու համար զինուորական քայլ պիտի չառնէ»:
aztagdaily.com/archives/460900