Քիմ Քարտաշեան Կը Պատրաստուի Հայկական Ծաղիկներով Օծանելիք Ստեղծել
08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Հայաստանէն պիտի վերադառնամ նոր գաղափարներով. ունիմ 4 գաղափար ու ատոր համար շատ ուրախ եմ: Ես կը սիրեմ ճամբորդել ու շատ մտքեր կը ծագին ճամբորդելու ընթացքին»,- յայտարարեց Քիմ Քարտաշեան` Երեւանի մէջ տեղի ունեցող WCIT 20219 Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին ընթացքին:
Հայաստանի մէջ Քիմի մօտ մտքեր ծագած են, ինչպէս ան նշեց, որոնցմէ մէկը օծանելիքի ստեղծումն է։
«Չեմ ուզում շատ բան ըսել, բայց անիկա գեղեցկութեան բնագաւառին մէջ հսկայ բան մը պիտի ըլլայ, հսկայական գաղափար, որ նախապէս չեն ըրած: Զիս ոգեշնչեց երէկ Հայաստանի փողոցներով ինքնաշարժով անցնիլը: Կը մտածեմ օծանելիքի մասին, որ պատրաստուած պիտի ըլլայ հայկական ծաղիկներով»,- ըսաւ Քարտաշեան:
Հարցումին, թէ ինչ կը զգայ ան հայ ըլլալով ու նաեւ Հայաստանի մէջ արհեստագիտական համաժողովին մասնակցելով, Քիմ ըսաւ, որ չէր կրնար աւելի հպարտ ըլլալ:
«Ես երեխաներս բերած եմ Հայաստան, իմ քոյրս` Քորթնին, որ նախապէս այստեղ չէ եղած: Մենք հնարաւորութիւն ունեցանք երէկ կնքուելու Հայաստանի մէջ, եւ ատիկա ամէն ինչ է մեզի համար: Այս յիշողութիւնները մեզի հետ պիտի ըլլան ընդմիշտ: Սա անձնականի մասին։ Մենք կը նկարահանենք մեր հեռուստահաղորդումը այստեղ, կը մտածեմ նաեւ Հայաստանի մէջ ամենապարզ մարդիկ նկարել: Երբ ես իմացայ, որ այստեղ տեղի պիտի ունենայ արհեստագիտութիւններու համաժողովը, ես շատ շուտ համաձայնեցայ մասնակցելու: Սա լաւագոյն պատճառն էր կրկին այստեղ գալու: Այնպէս որ, շնորհակալութիւն: Ես այնքան հպարտ եմ, որ այստեղ տեղի կ՛ունենայ այսպիսի հսկայական արհեստագիտական համաժողով», ըսաւ ան:
yerakouyn.com/2019/10/08/քիմ-քարտաշեան-կը-պատրաստուի-հայկական/