Ալեքսիս Օհանեան Հայաստանի Մէջ Կ՛ուզէ Ներդրումներ Կատարելու Եղանակներ Գտնել
08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՍՓԻՒՌՔ:
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ Հայաստանի ներուժը օրէ օր կ՛աճի: Այս մասին Հոկտեմբեր 8-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ամերիկահայ գործարար, Reddit կայքի եւ Initialized Capital–ի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան:
Ան Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «WCIT-2019» ՏԱ համաշխարհային համաժողովի պատուաւոր հիւրերէն է:
Օհանեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ կան լաւ արհեստագիտական ձեռներէցներ, կան խոշոր ընկերութիւններու քանի մը հիմնադիրներ:
Ան նաեւ կարեւոր համարեց Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ճատրակի ուսուցումը եւ այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ ճատրակ կը սորվի:
«Ատոր շնորհիւ անոնք կրնան աւելի հեշտ ծրագրաւորում սորվիլ: Ես չեմ կրնար զսպել իմ ուրախութիւնը, երբ կը տեսնեմ, թէ ինչպէս երեխաները ճատրակ կը սորվին, այնուհետեւ` ծրագրաւորում: Եթէ մենք կը ցանկանք զարգացնել Հայաստանի տնտեսութիւնը, մենք պէտք է զարգացնենք արհեստագիտական կրթութիւնը, որ ամէն ինչի հիմքն է»,- ընդգծեց Օհանեան:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ կ՛ուզէ գտնել ներդրումներ կատարելու եղանակներ:
Իսկ վերջաւորութեան Ալեքսիս Օհանեան ըսաւ, որ հայերէն կարդալ չի գիտեր, այնուհետեւ աւելցուց, ըսելով, որ կրնայ ըսել` «շնորհակալ եմ», «ցտեսութիւն»:
yerakouyn.com/2019/10/08/ալեքսիս-օհանեան-հայաստանի-մէջ-կ՛ուզէ/