Ակնարկ. Քրտական Գործօնը` Ամերիկեան Լքումին Եւ Ռուսական Լռութեան Միջեւ

Ակնարկ. Քրտական Գործօնը` Ամերիկեան Լքումին Եւ Ռուսական Լռութեան Միջեւ

09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱԿՆԱՐԿ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ուաշինկթընի պաշտօնական յայտարարութիւնը, թէ ամերիկեան բանակը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութեան ո՛չ մասնակցելու եւ ո՛չ աջակցելու որոշում ունի, գործնապէս թրքական ներխուժումի կամ անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորման գործընթացի կանաչ լոյս տալն է:

Մինչեւ այդ յայտարարութիւնը, քաղաքական գետնի վրայ պաշտօնական Դամասկոսը ձեռնարկած էր նոր Սահմանադրութեան մշակման խորհրդակցութիւններու:

Ուշագրաւ երեւոյթը այն էր, որ նոր Սահմանադրութեան յօդուածները միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ համաձայնեցնելու որոշումը գործնական դրսեւորում կ՛ունենար:

Այս բոլորի նախօրէին, Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ սուրիական պատերազմը աւարտած կարելի է նկատել:

Հիմա, Ուաշինկթըն իր ուժերը սուրիական տարածքներէն հեռացնելու մասին կը խօսի:

Թէեւ պէտք է արձանագրել, որ ըստ էութեան, տեղափոխումի մասին է խօսքը, աւելի քան ամբողջական հեռացման, գէթ այս փուլին:

Թրքական ներխուժումը սակայն միայն ամերիկեան կանաչ լոյսին հետ կապ չունի քաղաքական ընկալումներով: Այսօր ընդհանրապէս տարածաշրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ կը գործէ Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան մերձեցման հիման վրայ ռազմավարական առանցք, ինչ որ կ՛ենթադրէ ներխուժման գործողութեան համաձայնեցում ռազմավարական երկու գործընկերներուն հետ:

Կը թուի սակայն, որ այդ համաձայնութիւնը միանշանակ չէ: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ Թեհրանը Անգարային փոխանցած է, որ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը ապահովելու միակ միջոցը Ատանայի համաձայնութեան հիմամբ իր զինեալ ուժերը Սուրիոյ հետ սահմանին կուտակելն է: Այլ խօսքով, անհամաձայնութիւն` թրքական ներխուժումին:

Եթէ Թեհրանի անհամաձայնութիւնը բացայայտ է, Մոսկուայինը լռելեայն է: Անշուշտ պատահական չէ հիւսիսային Իրաք Լաւրովի կատարած այցելութիւնը: Քիւրտերը հրապարակաւ օժանդակութիւն կը խնդրեն Մոսկուայէն, որ գէթ այս պահու դրութեամբ չէ բացայայտած իր դիրքորոշումը:

Տեղական առումով սուրիական կառավարական ուժերը Անգարայի ներխուժման դէմ կանգնելու պատրաստակամութիւնը ունին, այդուհանդերձ իրենց գործնական մասնակցութիւնը բնականաբար կախեալ է Մոսկուայէն: Մինչ Սուրիական ազատ բանակը արդէն իսկ յայտարարած է, թէ պատրաստ է միանալու թրքական զինեալ ուժերուն` իրականացնելու համար անվտանգութեան գօտիի ստեղծման գործողութիւնը:

Այս բոլորին մէջ կայ տեսութիւն, որ եթէ ոչ անպայման աշխարհագրականօրէն իր առաջադրած, այդուհանդերձ Ուաշինկթըն Անգարա քաղաքական առեւտուրի իբրեւ արդիւնք որոշակի սահմանափակուածութեամբ գօտիի մը ստեղծումը կրնայ ապահովել Անգարան: Այլապէս, զինեալ ընդհարումներու նոր արարներու շարք մը կը սկսի թուրք-քրտական պատերազմի տեսքով, ինչ որ Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանի խաղաթուղթերը կրնայ հիմնովին խառնել:

Այս պահու դրութեամբ զինուորական իրադրութիւններու հետագայ ընթացքը շատ պարզ չէ: Յստակ է սակայն, որ ամերիկեան լքումով քրտական գործօնը ռուսականէն կախեալ ըլլալու նախադրեալներ գոյացած են: Թէ՛ սուրիական կառավարական ուժերու մասնակցութեան հարցը եւ թէ՛ Անգարան զսպելու բեւեռը Մոսկուան է: Այս խաղաթուղթը տակաւին չէ օգտագործած Մոսկուան:

Չի բացառուիր նաեւ, որ ազդեցութեան գօտիներու բաժանման ընդհանուր համաձայնութեան մը շրջագիծին մէջ քիւրտերը հերթական անգամ շահագործուին գերտէրութիւններու կողմէ: Ի վերջոյ որքան ալ մերձեցումներով գործեն Մոսկուան եւ Անգարան, այնուամենայնիւ Սուրիոյ մէջ մեծ առաւելութիւններ ձեռք ձգելը Թուրքիոյ կողմէ յամենայն դէպս չի բխիր Ռուսիոյ դաշնութեան շահերէն:

«Ա.»

լիճ Ակնա լիճ Գեղամա լեռների կենտրոնական կատարային հատված, 3030 մ բարձրության վրա

aztagdaily.com/archives/461032

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail