Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականներու Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցաւ Արցախի Բարձրաստիճան Ղեկավարութեան Հետ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականներու Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցաւ Արցախի Բարձրաստիճան Ղեկավարութեան Հետ

09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

8 հոկտեմբերին Արցախ հասան Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Ճեքի Քանչելեան-Սփիր եւ Ճուտի Չու, որոնք Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի, արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեանի եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեանի, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Թերեզա Երէմեանի եւ Րաֆֆի Սարգիսեանի կողմէ:

«Ապառաժ»-ի փոխանցումով, պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Լիլիթ Մակունց, Սօս Աւետիսեան, Վահան Կոստանեան եւ Վահան Ազարեան:

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականները եւ ընկերակցող պատուիրակութիւնը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:

Նախագահ Սահակեանի հետ հանդիպումին քննարկուեցան ամերիկեան-արցախեան յարաբերութիւններուն, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, շրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր: Նախագահը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւոր ուղղութիւններէն է` բարձր գնահատելով Միացեալ Նահանգներուն դերը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման եւ մեր շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման առումով:

Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն` Արցախի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ անոնց կատարած աշխատանքին համար: Ան շնորհաւորեց Ճեքի Քանչելեան-Սփիրը` Հայկական համագումարին կողմէ մրցանակի արժանանալուն առիթով եւ նշեց. «Այն երկարատեւ աշխատանքը, որ դուք ըրած էք ի նպաստ հայութեան խնդիրներու լուծման, արժանացած է պատշաճ գնահատականի»:

Խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատեց Ճուտի Չուի աշխատանքը Քոնկրեսին մէջ` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան մէջ ազգային պաշտպանութեան հարցերով անոր նախաձեռնութիւնը կարեւոր է` շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման առումով, ինչ որ, իր հերթին, որոշիչ է շրջանի ժողովուրդներու ապագայի կերտման առումով:

Ճեքի Քանչելեան-Սփիր հաստատեց, որ տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարուելիք Արցախի շահերը պաշտպանելու ուղղութեամբ, եւ այդ առումով արցախցիները կրնան իրենց վստահիլ:

Ճուտի Չուն եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց ազգային պաշտպանութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու իր նախաձեռնութիւնը, որ ընդունուած է Ներկայացուցիչներու տան կողմէ եւ նպատակ ունի ամրապնդելու զինադադարի դրութիւնն ու համապատասխան մեքանիզմներ սահմանելու ատոր պահպանման համար:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան հետագայ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:

Քոնկրեսականները այնուհետեւ հանդիպում ունեցան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին խորհրդարանի ղեկավարը նշեց, թէ Արցախը բաց է համագործակցութեան համար եւ կ՛ակնկալէ, որ միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին ամերիկեան կառոյցները, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան իրավիճակի մասին ո՛չ միայն հեռակայ մշտադիտարկում իրականացնեն, այլ նաեւ ուղղակիօրէն աշխատին Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան հետ ու աջակցութիւն ցուցաբերեն ժողովրդավարական կառոյցներու կատարելագործման:

Ճեքի Քանչելեան-Սփիր` խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան եւ այսօր աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութիւններուն մասին, նշեց, որ պէտք է կարելին ընել զանոնք կանխելու համար: Անդրադառնալով Արցախին` ան նշեց. «Հաստատակամ եմ իմ ջանքերուս մէջ եւ ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի դուք ապրիք ձեր երկրին մէջ, ունենաք կանխատեսելի ապագայ, ըլլաք անվտանգ եւ ունենաք այն ապագան, որուն կը ձգտինք իբրեւ Հայաստանի մաս»:

Ճուտի Չուն Արցախի խորհրդարանականներուն ներկայացուց ազգային պաշտպանութեան վերաբերեալ իր օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, որ պիտի քննարկուի Ծերակոյտին կողմէ:

Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւս կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներուն հետ յարաբերութիւնները եւ բարձր գնահատած քոնկրեսականներուն, յատկաէս Հայկական հարցերով յանձնախումբին ջանքերը` սատարելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման, շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Արցախին ֆինանսական օգնութեան տրամադրման:

Հիւրերուն խնդրանքով Մասիս Մայիլեան ներկայացուց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացները:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հետագայ զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող հարցերուն:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ

aztagdaily.com/archives/461031

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail