Հայտար Ալիեւ Չէ Ընդդիմացած Բանակցութեանց Արցախի Մասնակցութեան
09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց Սպիտակ տան գաղտնի փաստաթուղթ մը, որուն մէջ մանրամասնութիւններ կը ներկայացուին Օգոստոս 1997ին, Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պիլ Քլինթընի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւի հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութենէն:
Ըստ փաստաթուղթին՝ Հայտար Ալիեւ դէմ չէ եղած Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ ԵԱՀԿի հովանիին տակ բանակցութիւններուն ընթացքին Արցախը՝ որպէս բանակցող կողմ ներգրաւելու գաղափարին:
Ալիեւ մանրամասնած է՝ ըսելով. «Ուղղակի բանակցութիւններու համար Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ ներկայացուած են Մինսկի խմբակի գործընթացին մէջ: Մենք այս ընթացքը պիտի շարունակենք»:
Նախագահներու խօսակցութեան սղագրութենէն ի յայտ կու գայ նաեւ, թէ ինչպէս Հայտար Ալիեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճան «ամէնէն շատ կը վստահի Միացեալ Նահանգներուն», եւ ըստ իրեն, Արցախի հարցին մէջ Ամերիկա կրնայ բոլորէն աւելի կարեւոր դեր ունենալ:
Իր կարգին, Պիլ Քլինթըն յայտնած է, որ Ամերիկա շատ լրջօրէն կը մօտենայ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան գործին։
asbarez.com/arm/354822/Հայտար-Ալիեւ-Չէ-Ընդդիմացած-Բանակցութ/