Հայաստան Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Ներխուժումը Սուրիոյ Հանրապետութիւն. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Ներխուժումը Սուրիոյ Հանրապետութիւն. Նիկոլ Փաշինեան

10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դատապարտէ Թուրքոյ զինուած ուժերու ներխուժումը Սուրիոյ Հանրապետութիւն: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ Հոկտեմբեր 10-ին ՀՀ կառավարութեան նիստի ընթացքին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Երէկ Թուրքիոյ զինուած ուժերը ներխուժած են Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն հանդէս եկած է համապատասխան յայտարարութեամբ, եւ ես կ՛ուզեմ եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դատապարտէ ներխուժման այդ գործողութիւնը, եւ մենք մտահոգուած ենք իրավիճակով, որովհետեւ ըստ մեր մեզի` այդ գործողութիւնը աւելի պիտի խորացնէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամը, եւ մենք կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան` գործնական միջոցներ ձեռնարկելու այդ ապօրինի գործողութիւնը դադրեցնելու եւ Թուրքիոյ սահմանի երկայնքով Սուրիոյ քաղաքացիներուն, ներառեալ ազգային փոքրամասնութիւններուն, իրաւունքները պաշտպանելու համար»,- ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ իրականացնել իր մարդասիրական առաքելութիւնը:

ARARAD MASIS ARMENIA Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/10/10/հայաստան-կը-դատապարտէ-թուրքիոյ-ներխո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail