ՀՀ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւելեան Շրջաններուն Մէջ Թուրքիոյ Կողմէ Իրականացուող Ռազմական Ներխուժման Վերաբերեալ
10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստան կը դատապարտէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ռազմական ներխուժումը, որ կը յանգեցնէ տարածաշրջանային անվտանգութեան յետագայ վատթարացման, քաղաքացիական բնակչութեան կորուստներու, տեղահանուածներու մեծ հոսքի եւ ի վերջոյ մարդասիրական նոր ճգնաժամի: Յատկապէս մտահոգիչ իրավիճակ կը ստեղծուի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու համար:
Այս ռազմական ներխուժումը կը ստեղծէ նաեւ ինքնութեան հիմքով մարդու իրաւունքներու ծանր եւ զանգուածային խախտումներու անմիջական վտանգ:
Հայաստան կոչ կ՛ընէ միջազգային գործնական ջանքեր գործադրելու այս ռազմական ներխուժումը դադրեցնելու, զանգուածային վայրագութիւնները կանխելու եւ Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ բնակչութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ:
Հայաստան կ՛աջակցի Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան եւ կոչ կ՛ընէ զերծ մնալու Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին դէմ ռազմական ոտնձգութիւններէն: Հայաստանը պիտի շարունակէ տեղւոյն վրայ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել բարեկամ Սուրիոյ ժողովուրդին:
yerakouyn.com/2019/10/10/հհ-ագն-յայտարարութիւնը-սուրիոյ-հիւսի/