ԵՄ-ն Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ընէ Դադրեցնելու Ռազմական Գործողութիւնները Սուրիոյ Մէջ

ԵՄ-ն Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ընէ Դադրեցնելու Ռազմական Գործողութիւնները Սուրիոյ Մէջ

10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եւրոպական Միութիւնը Անգարային կոչ կ՛ընէ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինիին:

«Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններու պատճառով ԵՄ-ն կը հաստատէ, որ սուրիական հակամարտութեան կայուն լուծումի կարելի չէ հասնիլ ռազմական ճանապարհով: ԵՄ-ն կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ դադրեցնելու միակողմանի ռազմական գործողութիւնները»,- Մոկերինիի խօսքերը կը մէջբերէ «Եզվեսթիա» գործակալութիւնը:

Մոկերինին նշած է նաեւ, որ ԵՄ-ն օգնութիւն չի ցուցաբերեր կայունացման կամ այն շրջաններու զարգացման հարցով, ուր տեղի բնակչութեան իրաւունքները կ՛անտեսուին:

Յիշեցնենք, որ նախապէս սուրիացի քիւրտերու եւ «Իսլամական պետութեան» դէմ ռազմական գործողութիւն սկսելու մասին յայտարարած էր երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, իր հերթին, յայտարարած էր, որ «Խաղաղութեան աղբիւր» անուանումը ստացած գործողութիւնը սկսելէն առաջ թրքական կողմը տեղեակ պահած է Սուրիոյ կառավարութեան` նոր անդրսահմանային գործողութեան մեկնարկին մասին:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ

yerakouyn.com/2019/10/10/եմ-ն-թուրքիոյ-կոչ-կ՛ընէ-դադրեցնելու-ռա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail