Կոչ Կ՛ընենք Սուրիոյ Մէջ Պահպանելու Առաւելագոյն Զսպուածութիւն. ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղար
10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգուած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ, ուր Թուրքիան ռազմական գործողութիւն կ՛իրականացնէ, տիրող իրավիճակով, կը յայտնէ Associated Press-ը` ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաքի խօսքերուն յղումով:
«ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը խորապէս մտահոգուած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններով: Բոլոր ռազմական գործողութիւնները պէտք է իրականացուին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքներուն համապատասխան, պէտք է ապահովել քաղաքացիներու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու անվտանգութիւնը»,- պարզաբանած է ան ու աւելցուցած, որ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կ՛ընդգծէ` Սուրիոյ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ իւրաքանչիւր որոշումի պարագային պէտք է պահպանուին Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 9-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է Սուրիոյ մէջ «Խաղաղութեան ակունք» ռազմական գործողութեան մասին:
yerakouyn.com/2019/10/10/կոչ-կ՛ընենք-սուրիոյ-մէջ-պահպանելու-առ/