Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ. Թուրքիա Կը Սաստկացնէ Իր Զինուորական Գործողութիւնը` Հակառակ Միջազգային Եւ Շրջանային Լայնածաւալ Դատապարտումին

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ. Թուրքիա Կը Սաստկացնէ Իր Զինուորական Գործողութիւնը` Հակառակ Միջազգային Եւ Շրջանային Լայնածաւալ Դատապարտումին

11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Անտեսելով բոլոր կողմերէն իրեն ուղղուած քննադատութիւններն ու դատապարտումները, Անգարա երէկ` 10 հոկտեմբերին սաստկացուց 9 հոկտեմբերին սկսած «Խաղաղութեան աղբիւր» անունը կրող ռազմական գործողութիւնը` հիւսիսային Սուրիոյ ուղղութեամբ` թիրախ դարձնելով Ռաս ուլ Այնի, Ռաքքայի, Թել Ապիատի աւանները, Հասաքէի Ճարուտիէ, Մալքիէ, Թալ Ճիհան, Քահթանիէ, Սատ Մանսուրա, Իսմայիլիէ եւ Խրապ Ռըշըք գիւղերը: Թրքական ուժերը նաեւ ռմբակոծեցին քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու կեդրոնները:

Թուրքիա քանդեց Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի Ռաս ուլ Այն աւանին Թուրքիոյ հետ արեւմտեան սահմանի Թել Հալաֆ գիւղին մօտ իր իսկ պատած պարիսպէն բաժին մը` ցամաքային ներխուժում կատարելով Ռաքքայի հիւսիսային շրջանի Թել Ապիատ աւանի Իապիսէ, Մունպաթահ, Պեր Աշեք եւ Հաուիէ գիւղերը:

Թրքական յարձակումները թիրախ դարձուցին տուեալ շրջաններու ենթակառոյցները, ջուրի ու ելեկտրականութեան ընկերութիւնները եւ այն ամբարտակները, որոնք միլիոնաւոր մարդոց ջուր կը մատակարարեն: Ռմբակոծուած շրջաններէն կ՛արձանագրուի բնակչութեան գաղթ:

Ցամաքի կողքին թրքական օդուժը եւս հրթիռակոծեց սահմանամերձ շրջանները:

Սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան թրքական ուժերուն եւ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ, որոնք փորձեցին արգիլել Թուրքիոյ մուտքը տուեալ շրջաններ:

Օրուան ընթացքին տարբեր աղբիւրներ հակասական լուրեր հաղորդեցին գետնի վրայ տիրող կացութեան վերաբերող` թրքական բանակին եւ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ բախումներուն արդիւնքը փոխանցելու առումով, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ ռմբակոծումները կը շարունակուին, զոհեր եւ վիրաւորներ կ՛արձանագրուին, հակառակ անոր որ յարձակումները կասեցնելու, Սուրիոյ գերիշխանութիւնը յարգելու կոչեր կը լսուին աշխարհի բոլոր ծագերէն:

Հայութիւնը` Ապահով

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ, Գամիշլիի իր թղթակիցին համաձայն, Ռաս ուլ Այնի մէջ կը բնակէր 10-15 հայ ընտանիք, որ 9 հոկտեմբերին` թրքական կողմին սաստկացող հրթիռակոծումներուն պատճառով, տեղափոխուած է Հասաքէ, իսկ Թել Ապիատի մէջ բնակող 15 հայ ընտանիքները` մօտակայ ապահով գիւղեր:

Գամիշլիի մէջ 9 հոկտեմբերին մինչեւ կէս գիշեր պայթիւններ եւ հրթիռակոծումներու ձայներ լսուած են, որովհետեւ թրքական կողմը հրթիռակոծած է նաեւ Գամիշլիի քրտական կեդրոնները: Հրթիռներէն մէկը ինկած է Գամիշլիի Պշէյրիէ թաղամասի բնակարաններէն մէկուն վրայ, ուր զոհուած էին երկու քրիստոնեայ քաղաքացիներ: Այդ թաղամասին բնակչութիւնը ժամանակաւորապէս փոխադրուած է Ուսթա հայաբնակ թաղամաս, որ աւելի ապահով է: Գամիշլիի հայկական դպրոցները 10 հոկտեմբերին փակ պահած են իրենց դռները` զգուշութեան նկատառումներով: Ըստ «Գանձասար»-ի, երէկ Գամիշլիի մէջ կացութիւնը հանդարտ էր, բախումներու եւ հրթիռակոծումներու ձայներ չեն լսուած:

Սուրիա Երկխօսութիւն Չի Կատարեր Անջատողականներուն Հետ

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մաքտատ հաստատեց, որ երկխօսութիւնը բաց է սուրիական այն ուժերուն հետ, որոնք հաւատարիմ են պետութեան տրամաբանութեան եւ անջատողականներ չեն, որոնք սիոնական ուժերուն գիրկը նետուեցան: Ան դիտել տուաւ, որ Դամասկոս չի կրնար երկխօսութիւն կատարել ամերիկեան նեցուկով եւ Թուրքիոյ ներխուժումով գետնի վրայ ուժ ըլլալու հանգամանք ունենալ ձեւացնող կողմերուն հետ, որոնք անտեսեցին սուրիական շահերը եւ միացան Սուրիոյ թշնամիներուն:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Փոխնախարարը ըսաւ, թէ Սուրիա տարբեր փորձեր կատարեց եւ բազմաթիւ առիթներ տուաւ, սակայն անոնք երբեք հաւատարիմ չեղան Սուրիոյ: Ըստ անոր, կան ուժեր, որոնք օժանդակեցին, որ Թուրքիա գտնուի սուրիական հողերուն վրայ, որովհետեւ այդ ուժերը մերժեցին սուրիական բանակին ներկայութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, պայքարեցան անոր դէմ, ինչ որ առիթ տուաւ Թուրքիոյ այս քայլին դիմելու: Ան հաստատեց, որ եթէ սուրիացի բանակայինները տուեալ շրջանին մէջ ըլլային, թրքական ուժերը պիտի չհամարձակէին հոն մտնել:

Թրամփ Կը Խօսի Երեք Ընտրանքներու Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ թրքական ուժերու Սուրիա ներթափանցումէն ետք երեք ընտրանքի առջեւ կը գտնուին իրենք` կա՛մ միջնորդութիւն կատարել Թուրքիոյ եւ քիւրտերուն միջեւ, կա՛մ հազարաւոր զինուորներ ղրկել` ռազմական յաղթանակ ապահովելու համար, կա՛մ ալ տնտեսական շատ ծանր հարուած հասցնել Թուրքիոյ: Ան հաստատեց, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ չկան ամերիկեան ուժեր, որոնք թրքական յարձակումներու կ՛ենթարկուին:

Աւելի կանուխ, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Թրամփ մեկնաբանեց ամերիկեան զօրքը Սուրիայէն հեռացնելու եւ քիւրտերուն չoգնելու որոշումը: Ան յատկապէս նշեց, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին քիւրտերը չեն օգնած իրենց, օրինակ` Նորմանտիի կռիւներուն ժամանակ, իսկ «հիմա անոնք կ՛օգնէին մեզի (ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ատեն), քանի որ ատիկա իրենց հողն է»:

Թրամփը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ հսկայական գումարներ ծախսած են քիւրտերուն օգնելու, եւ, հակառակ անոր որ հիմա ամերիկեան զօրքը դուրս հանած են Սուրիոյ հիւսիսէն, բայց եւ այնպէս քիւրտերը զիրենք կը հետաքրքրեն:

10 հոկտեմբերին Թրամփ հաստատեց, որ ամերիկացի զինուորականները Սուրիայէն դուրս բերած են դահիճներու խումբէն ՏԱՀԵՇ-ի երկու զինեալներ, որոնք յայտնի են որպէս «Պիթլզ»: «Եթէ քիւրտերը կամ Թուրքիան կորսնցնեն վերահսկողութիւնը, Միացեալ Նահանգները ՏԱՀԵՇ-ի` Սուրիոյ մէջ գլխատումներու հետ կապուած երկու զինեալներ, որոնք յայտնի էին որպէս «Պիթլզ», արդէն այդ երկրէն դուրս բերած են դէպի Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերահսկուող անվտանգ վայր: Անոնք վատերէն աւելի վատն են», գրած է Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ:

Ըստ Թրամփի, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ սկսած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքները Թուրքիոյ համար կրնան ցաւալի ըլլալ: Անոնք կրնան աւելին ըլլալ, քան պատժամիջոցները: «Աւելին կ՛ընեմ, քան պատժամիջոցները: Համաձայն եմ, որ անհրաժեշտ են պատժամիջոցները, որոնք պէտք է ըլլան աւելի խիստ ու դաժան», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Թրամփ եւ նշած, որ կը կործանէ թրքական տնտեսութիւնը, եթէ Անգարան շարունակէ ռազմարշաւը:

Մոսկուա Եւ Պաղտատ Պատրաստ Են Միջնորդութեան

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` ուշադրութեամբ կշռադատելու Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, որպէսզի վնաս չհասցնէ ճգնաժամի լուծման ընդհանուր ջանքերուն:

Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով եւս յայտնեց, որ Քրեմլին յոյսով է, թէ Թուրքիա կը յարգէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով բանակցութիւններ կատարեց Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհի հետ, եւ անոնք հաստատեցին, որ կարեւոր է շրջանին մէջ կայունութիւն ստեղծել` Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ, ինչպէս նաեւ սուրիական իշխանութեան եւ սուրիացի քիւրտերուն միջեւ երկխօսութեամբ: Անոնք դիտել տուին, թէ Ռուսիա եւ Իրաք պատրաստ են այս երկխօսութեան դիւրացման աշխատանք տանելու եւ միջնորդութիւն կատարելու:

Արաբական Խորհրդարանական Համադաշնակցութիւնը Խստիւ Կը Դատապարտէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թրքական Ներխուժումը

Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութիւնը յայտարարեց, թէ ինք կը հետեւի «եղբայրական Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան սահմանին վրայ Թուրքիոյ թշնամական նախայարձակումին»` դատապարտելով թրքական ուժերուն ներխուժումը սուրիական հողերուն մէջ եւ նշելով, որ այդ ներխուժումը կը կատարուի սին պատրուակներով եւ հակասելով միջազգային չափանիշներուն եւ բարի դրացնութեան սկզբունքներուն:

Համադաշնակցութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց այս իրադարձութիւններուն առնչութեամբ, որոնք ամբողջ շրջանը կը մղեն աննախատեսելի արդիւնքներով պատերազմի մը: Անիկա նաեւ խստիւ դատապարտեց այս նախայարձակումը, որ շրջանին մէջ յաւելեալ աղէտներու պատճառ պիտի դառնայ, մանաւանդ որ այդ նոյն շրջանը նախապէս ականատես դարձած է ահաբեկչութեան աղէտներուն, որոնք պատճառ դարձան մարդկային իրաւունքներու ամէնէն տարրական սկզբունքներուն խախտման:

Համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց Թուրքիոյ յարգելու դրացնութեան հասկացողութիւնը եւ պահպանելու պատմութեան ու աշխարհագրութեան կապերը, որոնց մասին պէտք է խոր կերպով մտածել` նախքան այսպիսի՛ անպատասխանատու քայլի մը դիմելը:

Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութիւնը նշեց, որ արաբական երկփեղկուած վիճակը պատճառ դարձաւ, որ օտար ուժեր միջամտեն արաբական երկիրներու հարցերուն եւ թիրախ դարձնեն անոնց ազգային անվտանգութիւնն ու սերունդներուն ապագան:

Անիկա կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին, աշխարհի ազդեցիկ ուժերուն, խորհրդարանական միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններուն ու համադաշնակցութիւններուն, որ «իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն`

պահպանելու համար իրենց հռչակագիրներուն եւ վստահելիութեան նուազագոյնը աշխարհի ժողովուրդներուն դիմաց»:

Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութիւնը Թուրքիայէն պահանջեց անմիջապէս դադրեցնել սուրիական եղբայրական հողերուն վրայ կատարուած այս թշնամական նախայարձակումը` կոչ ուղղելով Արաբական լիկային որդեգրելու միասնական կեցուածք մը, որ կը վերականգնէ արաբ ազգին հեղինակութիւնը:

Անթոնիօ Կութիերես Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես խորապէս անհանգստացած է Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ տիրող իրավիճակին կապակցութեամբ, ուր Թուրքիան ռազմական գործողութիւն կ՛իրականացնէ: Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաք:

«ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը խորապէս մտահոգուած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ: Բոլոր ռազմական գործողութիւնները պէտք է իրականացուին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոններուն համապատասխան, պէտք է ապահովել քաղաքացիական անձերու եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու անվտանգութիւնը», ըսած է ան:

«ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծած է, որ Սուրիոյ տագնապը ռազմական լուծում չունի, եւ որ միայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւի համաձայն վստահութեան արժանի քաղաքական գործընթացը թոյլ կու տայ երկարաժամկէտ հիմքով կարգաւորում ապահովել», աւելցուց Հաք:

Ան նաեւ յիշեցուց, որ «որեւէ որոշումի պարագային պէտք է պահպանուին Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Արձագանգներ

– Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի, որ պաշտօնական այցելութիւն պիտի տար Թուրքիա, չեղեալ նկատեց իր այցելութիւնը` Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ վրայ շղթայազերծուած յարձակումին պատճառով:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` շատ արագօրէն վերջ տալու իր գործողութիւններուն եւ ուժերը հեռացնելու սուրիական հողերէն: Ան դիտել տուաւ, որ նման գործողութիւն մը մեծ վտանգներ պիտի ստեղծէ քաղաքայիններուն համար:

– Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ մէջ Անգարայի ռազմական գործողութեան լոյսին տակ տուն կանչեց Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը: Աւելի ուշ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ լէ Տրիանը «Թուիթըր»-ի էջին վրայ գրեց, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնը կրնայ խախտել եւրոպական անվտանգութիւնը, ուստի անհրաժեշտ է դադրեցնել զայն: «Ես կը դատապարտեմ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ սկսած միակողմանի գործողութիւնը, անիկա սպառնալիքի տակ կը դնէ ջանքերը` անվտանգութեան եւ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ գործող համախոհական մարդասիրական օգնութեան ոլորտին մէջ»:

– Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Քրիսթիա Ֆարիլենտ յայտնեց, որ Քանատա կը դատապարտէ քիւրտ զինեալ խմբաւորումներուն վրայ թրքական յարձակումը, որովհետեւ ատիկա սպառնալիք է շրջանի արդէն իսկ բխրուն կայունութեան եւ հարուած այն ճիգերուն, որոնք կը միտին ՏԱՀԵՇ-ը հակակշիռի տակ առնել: Ան կոչ ուղղեց կողմերուն` յարգելու քաղաքայիններուն ապահովութիւնը:

– Ֆինլանտան դատապարտեց Թուրքիոյ յարձակումը քիւրտերուն վրայ եւ յայտարարեց, որ կը դադրեցնէ զէնքի վաճառքը` Թուրքիոյ:

«Ֆինլանտան պաշտպանական սարքեր պիտի չարտածէ այն երկիրներուն, որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքները», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ֆինլանտայի պաշտպանութեան նախարար Անթի Քայքոնըն:

Երեք շաբաթ առաջ Ֆինլանտայի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Թուրքիոյ անօդաչու սարքերու վաճառքին:

Ֆինլանտայի վարչապետ Անթի Ռիննի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Ֆինլանտա կը սատարէ Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ յարձակողական գործողութեան դատապարտման եւ կը հաստատէ, որ զէնքի ամբողջ արտահանումը դադրեցուած է:

aztagdaily.com/archives/461378

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail