ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Տրտում Այցելութիւն

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Տրտում Այցելութիւն

10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ամառնային տաք օր մըն էր: Պէյրութ կը գտնուէի կարճ ժամանակով: Երկար ատեն բացակայ էի Լիբանանէն` մայրիներու երկրէն: Խանդավառ ու ջերմ զգացումներով կը վերադառնամ ծննդավայրս, թէկուզ` քանի մը օրուան համար: Ինչպէս միշտ, առաջին այցելութիւնս պէտք է ըլլար ընտանիքի երէցներուն կամ հիւանդներուն. այսպէս դաստիարակած էր զիս հանգուցեալ հայրս: Անոնք պէտք է վայելեն մեր անսակարկ սէրն ու յարգանքը: Առաջին պարտականութիւնս կատարելէ ետք կ՛ուղղուէի դէպի «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, որ կը գտնուէր Պուրճ Համուտ: Այս այցելութիւնը անսահման հոգեպարար բնոյթ մը ունէր ինծի համար:

«Ազդակ» օրաթերթի գրասենեակները կը գտնուին «Շաղզոյեան» շէնքին մէջ, որ ապառաժի նման կանգնած է Պուրճ Համուտի արեւմտեան մուտքին: Հաճոյքով կը սպասեմ այդ պահը, երբ «Ազդակ»-ի խմբագրապետ, ընդհանուր տնօրէն Շահան Գանտահարեան կ՛ընդունի զիս իր գրասենեակը` գաւաթ մը սուրճի շուրջ, զրուցելու մեզ յուզող ազգային հրատապ հարցերու մասին: Տեսակցութեանս աւարտին հրաժեշտ կ՛առնենք իրարմէ` յուսալով անգամ մը եւս հանդիպիլ, նախքան վերադարձս: Ահա կ՛ուղղուիմ դէպի Համազգայինի գրատուն, որ կը գտնուի նոյն շէնքին գետնայարկը: Գանձ մըն է Համազգայինի գրատունը, կանթեղ մը լուսաւոր, հոն կրնաս կորսուիլ ժամերով, հին կամ նոր թանկագին գիրքաշխարհին մէջ: Ահաւասիկ հաճոյքի բաժինը վերջ գտած էր ինծի համար: Թաքուն փափաք մը ունէի սրտիս մէկ անկիւնը. հաճոյք մը չէր ինքնին, այլ պարտականութիւն մը` յարգանքի ծիրէն ներս, նախընտրաբար պէտք է զայն կոչել մարդկային հոգեկան պարտականութիւն, որն էր` հանդիպիլ Ազգային գերեզմանատուն աղօթելու հանգուցեալ հօրս հոգւոյն յիշատակին:

Լիբանանի Հայ առաքելական համայնքը ունի վեց ազգային գերեզմանատուներ, որոնք կը գտնուին` Ժիպէյլ, Թրիփոլի, Ճիւնի, Այնճար, Ֆըրն էլ Շպպեք եւ Պուրճ Համուտ: Մեր ընտանեկան գերեզմանատունը կը գտնուի Պուրճ Համուտ, որ հիմնուած է 1936-ին, առաջնորդ Խորէն եպիսկոպոսի կողմէ: Այս անգամ սոյն այցելութիւնը ոչ միայն պարտականութեան եւ յարգանքի բնոյթ ունէր, այլ նաեւ` դաստիարակչական, որովհետեւ տղաս` Ոսկանը, առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէր գերեզմանատուն` աղօթելու մեծ հօր յիշատակին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Քանի մը անգամ թաղերը շուարելէ ետք, հասանք Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը: Մեռելային անդորրութիւն մը կը տիրէր: Կարծես լռութիւնը եւ երկչոտութիւնը պարտադրուած ըլլային` իբրեւ յարգանք այդ յատուկ վայրին:

Տղաս եւ ես նախ ուղղուեցանք ազգին համար զոհուած հերոսներու պանթէոն. աղօթելէ եւ խունկ վառելէ ետք, թեքուեցանք դէպի ձախ, եոզղաթցիներուն տրամադրուած բաժինը, ուր կը գտնուի Արզումանեան ընտանիքին գերեզմանատունը, որ քանի մը տասնեակ քայլ հեռու կը գտնուէր: Պաղ մամարին վրայ սեւ տառերով փորագրուած էր ընտանիքի հանգուցեալներուն անունները, հոն էր նաեւ հօրս անունը` Ոսկեբերան Արզումանեան: Մռայլ ու տխուր էր պահը: Լռութիւնը պերճախօս էր այդ պահուն: Հին յիշատակներ վերստին սկսան յառնել մտքերուս մէջ…

Աղօթելէ եւ խունկ վառելէ ետք հօրս եւ ընտանիքի անդամներուն յիշատակին, ինչպէս միշտ, խոնարհ նայուածքով եւ թրջուած աչքերով հեռացայ այդ վայրէն, բայց այս անգամ յոյսի նշոյլ մը կարծէք յանկարծ պսպղաց սրտիս մէջ ու համակրական ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ դէմքիս վրայ, որովհետեւ վստահ էի, որ Ոսկանին սրտին մէջ տեղ մը ծլարձակեցաւ, փթթեցաւ ու անկասկած պիտի ծաղկի ու հասակ առնէ գիտակցութիւնը` հանգուցեալներու յիշատակի յարգանքին նկատմամբ:

Պահ մը կը յիշեմ Ֆրանսայի հռչակաւոր հանրածանօթ գրագէտ բանաստեղծուհի Ժորժ Սանտ( George Sand), որ ըսած է, թէ` «Մեռելները իսկապէս կը թաղուին, երբ կը մոռնանք անոնց յիշատակը»: Նոյն հոգեվիճակով նաեւ երբեք պէտք չէ մոռնանք Սկիւտարի սոխակը` Պետրոս Դուրեանը, որ կ՛ըսէ. «Ես կը մեռնիմ, երբ իմ յիշատակս կը շիջի»:

3 հոկտեմբեր 2019

aztagdaily.com/archives/461116

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail