Սուրիացի Քիւրտերով, Ասորիներով Եւ Հայերով Բնակեցուած Տարածքը Անգամ Մը Եւս Վտանգի Հետ Դէմ Յանդիման Կը Գտնուի. Կարօ Փայլան

Սուրիացի Քիւրտերով, Ասորիներով Եւ Հայերով Բնակեցուած Տարածքը Անգամ Մը Եւս Վտանգի Հետ Դէմ Յանդիման Կը Գտնուի. Կարօ Փայլան

10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան` անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիսը կատարուող զինուորական գործողութեան, «Ակօս»-ին յայտնեց, թէ այդ քայլը շատ լուրջ վտանգներու դուռ կը բանայ: Ան օրինակ բերաւ Փաքիստան-Աֆղանիստան սահմանին Փեշաւերի մէջ ժիհատականներու տեղադրումով ծագած վտանգները: Փայլան յայտնեց, թէ Էրտողանն ալ ունի «Ժիհատիստան» մը կազմելու երազներ: «Մենք` իբրեւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն, դէմ ենք պատերազմին: Գիտենք, թէ պատերազմը աւեր, սով եւ մահ կը ծնի: Հարիւր տարի առաջ հայ ժողովուրդը Մեծ եղեռնի տարիներուն աքսորուած էր դէպի Ռաքքա եւ Տէր Զօր: Այժմ սուրիացի քիւրտերով, ասորիներով եւ հայերով բնակուած տարածքը անգամ մը եւս նոյն վտանգին հետ դէմ յանդիման կը գտնուի»,- ըսաւ Կարօ Փայլան:

Նախորդող օրերուն Դիմատետրի եւ «Թուիթըր»-ի էջերով Փայլան նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներուն վրայ ռազմական գործողութիւններու իրականացման ժամկէտը 1 տարիով երկարաձգելու փաստին եւ գրած, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, Ժողովրդադեմոկրատական, Ազգային-ժողովրդավարական եւ «Լաւ» կուսակցութիւնները պատասխանատու են Սուրիոյ հիւսիսը կայանալիք աղէտին համար:

«Ասիկա պատերազմական շարժում սկսելու հաստատում էր, որ անցաւ խորհրդարանով: Ժողովուրդը չ՛ուզեր պատերազմ, եւ մենք մինչեւ վերջ պիտի պայքարինք խաղաղութեան համար»,- գրած է Փայլանը` «Ո՛չ պատերազմին» հեշթակով:

«Թուիթըր»-ի վրայ Կարօ Փայլան գրած էր. «Երկիրը խաղալիք դարձուցած էք Թրամփի եւ Փութինի ձեռքը: Բայց եթէ հաշտուինք եւ յառաջ ընթանանք ժողովրդավարութեամբ, այս իրավիճակէն կը ձերբազատինք: Եթէ պատերազմինք, բոլորս պիտի տուժենք: Եթէ հաշտուինք, բոլորս պիտի շահինք»:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Yerakouyn.com/2019/10/11/սուրիացի-քիւրտերով-ասորիներով-եւ-հայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail